
Գեւ Իսգաճեան Սփիւռքի Աջակցութիւնը Յայտնած է Արցախի Ժողովուրդին եւ Անոր Իրաւունքներուն Համար Պայքարին
Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդի անդամները առցանց քննարկում ունեցած են Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի համայնքային հարցերու պատասխանատու Գեւ Իսգաճեանի հետ։
Խորհուրդի անդամ Արտակ Բեգլարեանը կարեւոր համարած է Արցախի հարցը միջազգային օրակարգի վրայ պահելու, հայ պատանդներու ազատ արձակման եւ ցեղասպանութեան դատապարտման ուղղութեամբ իրականացուող Հայ Դատի գրասենեակներուն աշխատանքները։ Ան ԱՄՆ Հայ Դատի ներկայացուցչին ներկայացուցած է Արցախի ժողովուրդին պահանջները, ակնկալիքներն ու խորհուրդի յառաջիկայ քայլերը։
Գեւ Իսկաճեանը կարեւոր համարած է Արցախի ժողովուրդին համախմբուած պայքարը՝ սեփական իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։ Ան նշած է, որ Արցախի օրակարգը Հայ Դատի սեղանին է եւ Հայ Դատի աշխարհասփիւռ գրասենեակներն ու յանձնախումբերը կը շարունակեն միջազգային ասպարէզի մէջ բարձրաձայլնել Արցախի ժողովուրդին ձայնը։ Ան կարեւոր համարած է համախմբումը եւ Սփիւռքի աջակցութիւնը յայտնած է Արցախի ժողովուրդին եւ անոր իրաւունքներուն համար պայքարին։
Քննարկման ներկայ էին Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդի անդամներ, ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի գրասենեակի ներկայացուցիչներ։