1 Մարտ 2025-ի Դրութեամբ` Հայաստանէն 11,300 Արցախցի Հեռացած Է

Հայաստան

1 Մարտ 2025-ի դրութեամբ` Հայաստանէն մեկնած է 26,899 եւ վերադարձած 15,642 բռնի տեղահանուած արցախցի: Այսինքն՝ Սեպտեմբեր 2023-ի բռնի տեղահանութենէն ետք այս տարուան 1 Մարտի դրութեամբ՝ Հայաստանէն հեռացած եւ (տակաւին) չէ վերադարձած 11,257 արցախցի: Այս մասին կը հաղորդէ Civilnet-ը՝ վկայակոչելով Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տուեալները:

Հեռացող արցախցիներու յաւելման զուգահեռ կ՛աւելնայ նաեւ վերադարձող արցախցիներուն թիւը:

Այս Ապրիլէն սկսեալ, բռնի տեղահանուած անձերուն կեցութեան եւ այլ ծախսերուն համար նախատեսուած 50,000 դրամ (40,000+10,000) աջակցութիւնը պիտի դառնայ 40,000 դրամ եւ պիտի տրամադրուի միայն առանձին խումբերու` առաջին կամ երկրորդ խումբի հաշմանդամութիւն, 63+ տարեկաններ, կերակրողը կորսնցուցած եւ նպաստ կամ կենսաթոշակ ստացողներ, մինչեւ 18 տարեկան անձեր:

Իսկ  Յուլիսէն Դեկտեմբեր 2025-ի ամիսները ներառեալ` աջակցութիւնը պիտի տրամադրուի առանձին խումբերու շահառուներուն` արդէն 30,000 դրամի չափով:

Կը նախատեսուի, որ այս փոփոխութիւնները պատճառ դառնան արտագաղթի աճին։