ANCA-ն Կրօնի Ազատութեան Միջազգային Գագաթնաժողովին ազրպէյճանը Պատասխանատւութեան Ենթարկելու Կոչ Կ՝ընէ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը Միջազգային կրօնական ազատութեան գագաթնաժողովին ծիրէն ներս ԱՄՆ ղեկավարութեան կոչ ըրած է որոշակի գործողութիւններ ձեռնարկելու Արցախի վերականգնման, Հայաստանի անվտանգութեան եւ Սուրիայէն ու Լիբանանէն մինչեւ Երուսաղէմի հայկական թաղամաս հայ համայնքներու պաշտպանութեան հարցերուն:

Հայաստանին նուիրուած պանելային քննարկումը, որ կը վարէր “American Enterprise Institute”-էն Մայքլ Ռուպինը, կը մասնակցէին Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը, ԱՄՆ-ի մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախկին ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ․ Գարեգին վարդապետ Համբարձումեանը, իրաւապաշտպան Քրիստինէ Առաքելեանը եւ քոնկրեսական Քրիս Սմիթը։

Քննարկման մասնակիցները ընդգծած են, որ 2023 թ․ ազրպէյճանի յարձակումը եւ Արցախէն 150,000 հայերու հարկադիր տեղահանումը իրականացուած է ամերիկեան քաղաքական գործիչներու աջակցութեամբ եւ հրահրումով։ Անոնք Քոնկրեսին եւ Թրամփի վարչակազմին կոչ ըրած են կիրառելու նպատակային պատժամիջոցներ, պահանջելու հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը եւ ապահովելու տեղահանուած արցախահայերու անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձը։

Քննարկման մասնակիցները նախանշած են այն միջոցառումները, որոնք Միացեալ Նահանգները պէտք է իրականացնէ կրօնական ազատութեան պահպանման եւ հայերու դէմ ազրպէյճանի յետագայ յարձակումը կանխելու համար: Համբարեան ընդգծած է, որ ազրպէյճանին պատասխանատւութեան ենթարկելու ձախողումը կը քաջալերէ մենատէր վարչաձեւերը ամբողջ աշխարհի մէջ: Ան ԱՄՆ-ին կոչ ըրած է անյապաղ դադրեցնելու ռազմական օգնութիւնը ազրպէյճանին, կիրառելու «Մակնիցգիի ակտով» սահմանուած պատժամիջոցներ՝ ռազմական յանցագործութիւններու եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման համար պատասխանատու ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ ներկայացնելու ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւ, որ պիտի ապահովէ հայերու անվտանգ, պաշտպանուած եւ արժանապատիւ վերադարձը Արցախ։ Համբարեան նկատած է․ «Լաւ քաղաքականութիւնը կը սկսի բարոյական մաքրութենէն։ ԱՄՆ-ը պէտք է վճռական գործողութիւններ ձեռնարկէ, այլ ոչ թէ պարզապէս մտահոգիչ յայտարարութիւններ ընէ»:

Քոնկրեսական Քրիս Սմիթ ԱՄՆ կառավարութեան կոչ ըրած է խստօրէն դատապարտելու հայկական եկեղեցիներու եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը ազրպէյճանի կողմէ՝ զգուշացնելով, որ պաքուի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի շարունակական գրաւումը յետագայ յարձակման նախերգանք է: «Մշակութային ոչնչացումը պէտք է դադրեցուի։ ազրպէյճանական ուժերը կը զբաղցնեն Հայաստանի 75 մղոն տարածքը. Աստուած չընէ ասիկա ալ աւելի մեծ յարձակման նախերգանք ըլլայ»,- ըսած է Սմիթ: Ան պետական բաժանմունքին կոչ ըրած է ազրպէյճանը որակելու որպէս «Յատուկ մտահոգութեան երկիր» (CPC)՝ հայ քրիստոնեաներու նկատմամբ կանոնաւոր հալածանքներուն համար։

Քրիստինէ Առաքելեան իր հերթին պնդած է, որ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեայ բնակչութիւնը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ամերիկեան ջանքերուն մէջ: Ան մասնաւորապէս նկատած է,- «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ բնակչութեան կայունացումը մեծապէս օժանդակող եւ իրականութեան մէջ անհրաժեշտ պայման պիտի ըլլայ խաղաղութիւն ստեղծելու համար ոչ միայն Կովկասի մէջ Հայաստանի, թուրքիոյ ազրպէյճանի միջեւ, այլ նաեւ պաղեստինեան հարցին մէջ»:

Տ. Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան կարեւոր համարած է Արցախի մէջ միջազգային դիտորդական խումբերու տեղակայման հրատապութիւնը՝ փաստաթղթաւորելու ազրպէյճանի կողմէ հայկական եկեղեցիներու եւ հոգեւոր կոթողներու համակարգուած ոչնչացումը։ Ան նաեւ կոչ ըրած է պաշտպանելու միջազգային վերահսկողութեան ներքոյ՝ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
07.02 2025թ․