
Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի (2025) – Հայրապետական Հռչակագիր
2025 տարուան սեմին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրական սիրով, հայրապետական օրհնութեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները: Կ՛ողջունենք` յատկապէս մեր թեմակալ առաջնորդ սրբազանները, Ազգային իշխանութիւնները, հայ կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, ինչպէս նաեւ` համայնքային, կրթական, բարեսիրական, մշակութային, ընկերային ու մարզական կառոյցները, եւ բոլորին կը մաղթենք նորանոր իրագործումներով հարուստ տարի մը: Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր Որդւոյն մարդեղութեամբ ու յայտնութեամբ բացուող Նոր տարին մեր ժողովուրդին համար դառնայ երկնային բարիքներով ու շնորհներով լեցուն տարի մը:
* * *
2003-էն սկսեալ իւրաքանչիւր տարի հայ կեանքին առնչուած արժէքի մը, մտահոգութեան կամ դէպքի մը նուիրելու եւ զայն լուսարձակի տակ բերելու Մեր սկսած աւանդութիւնը շարունակելով, ինչպէս գիտէք, վերջին երեք տարիները յատկացուցինք սփիւռքին: Շեշտեցինք սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակենսաւորման անյետաձգելի հրամայականը: Յատուկ կերպով անդրադարձանք` ինքնութեան, կառոյցներու վերանորոգման, մարդուժի պատրաստութեան, համազգային արժէքներու ու իտէալներու շուրջ համախմբման, քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան վերաշեշտաւորման, երիտասարդութիւնը գործի մղելու անհրաժեշտութեան, ճարտարագիտութեան ճիշդ օգտագործման, կրթական կեանքի վերակազմակերպման, հայ ընտանիքի վերականգնման, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան նոր որակ տալու կարեւորութեան, եւ այլ համասփիւռքեան եւ համահայկական այժմէական խնդիրներու:
Գոհունակութեամբ կ՛ուզենք հաստատել, որ հայրապետական հռչակագիրներու թելադրութեան ու գծած ուղիին հետեւելով՛ մեր համայնքները, մամուլը, ինչպէս նաեւ մտաւորականներ ու կառոյցներ լայնօրէն արձագանգեցին. յօդուածներ գրուեցան, դասախօսութիւններ տրուեցան եւ հրապարակային բանավէճեր տեղի ունեցան յիշեալ հարցերուն շուրջ: Այլ խօսքով, մեր գաղութները սկսան ինքնաքննութեան ու ինքնարժեւորման լուրջ փորձեր կատարել, որպէսզի կարելի ըլլայ վերակազմակերպման համապատասխան ծրագիրներ մշակել: Վերջին քանի մը տարիներուն թեմերուն տուած Մեր հովուապետական այցելութիւններուն ընթացքին առաջնահերթ տեղ յատկացուցինք սփիւռքի վերակազմակերպման: Հոգեւոր դասուն, ազգային իշխանութիւններուն, քոյր կազմակերպութիւններուն ու երիտասարդութեան հետ ունեցած Մեր հանդիպումներուն ու ժողովուրդին ուղղած Մեր պատգամներուն մէջ թելադրեցինք, որ սփիւռքի շուրջ քննարկումները շարունակուին նոյն թափով ու միաժամանակ գաղութները լծուին մեր հաւաքական կեանքը դէպի վերակազմակերպում ու վերանորոգում առաջնորդող աշխատանքներու:
Ո՞ւր է այսօր սփիւռքը, ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ, ինչպէ՞ս կարելի է սփիւռքի կառոյցները իրենց օրակարգերով, կանոնագրութիւններով, գործելակերպերով ու մտածելակերպերով դարձնել աւելի ուժական, այժմէական ու հաղորդական: Ինչպէ՞ս կարելի է ազգային ինքնութիւնը երաշխաւորող արժէքները, աւանդութիւններն ու իտէալները պահել ամուր` մնալով հանդերձ ամբողջական ու անքակտելի մասը տուեալ երկրի ընկերութեան: Ինչպէ՞ս կարելի է սոսկ յարաբերութենէն անդին` հետեւողական ու ծրագրուած գործակցութիւն մշակել սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ: Ինչպէ՞ս կարելի է համասփիւռքեան օրակարգ մը մշակել` ի խնդիր համահայկական օրակարգի մը մշակման, եւ անոր շուրջ համախմբուիլ: Այս հարցադրումները տեսական չեն, այլ` խորքային, այժմէական ու գոյութենական: Արդ, հրամայական է զանոնք համապարփակ ու իրապաշտ մօտեցումով քննարկումի ենթարկել` մէկ կողմէն օգտուելով հին սերունդին հարուստ փորձառութենէն, եւ միւս կողմէն` ունենալով նոր սերունդին հայեցակէտերը:
Վերեւ կատարած մեր յիշեցումները ունին մէկ յստակ պատգամ ու նպատակ` սփիւռքի վերակազմակերպման էջը չէ փակուած, պէտք չէ փակուի: Սփիւռքի վերակազմակերպման նպատակասլաց գործընթացը վերանորոգ թափով պէտք է շարունակուի իւրաքանչիւր գաղութէ ներս, բնականաբար` տարբեր մեթոտներով, առաջնահերթութիւններով ու շեշտաւորումով: Այլապէս, սփիւռքը կրնայ ենթակայ դառնալ ինքնամաշումի վտանգին: Արդարեւ, լուրջ մտահոգութիւն մը, որուն կ՛անդրադառնանք յաճախ թէ՛ Մեր պատգամներուն ճամբով եւ թէ՛ գաղութներուն տուած Մեր այցելութիւններուն ընթացքին: Կ՛ուզենք միշտ կարեւորութեամբ ընդգծել, որ սփիւռքը ինքնանպատակ գոյութիւն մը չէ, անոր վերակազմակերպումը Հայաստանի հզօրացման ուղղուած է4իսկ Հայաստանի հզօրացումը, իր կարգին, պէտք է օժանդակէ սփիւռքի վերակազմակերպման:
Սփիւռքի վերակազմակերպումն ու հզօրացումը հետապնդելու աշխատանքներու ծիրէն ներս, լեզուի ու մշակոյթի կողքին, հայու ինքնութիւնը ամուր պահելու մեր ճիգին մէջ մեծապէս էական կը նկատենք մեր կրօնական ու ազգային աւանդութիւններու վերանորոգման ու վերակենսաւորման հրամայականը: Արդ, մեկնելով այս հաստատ համոզումէն՝ 2025 տարին կը հռչակենք
Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի
* * *
Ի՞նչ կը հասկնանք աւանդութիւն ըսելով: Ընդհանուր սահմանումով, աւանդութիւնը տուեալ ազգի մը, կրօնի մը կամ որեւէ կազմակերպութեան առնչուած հաւատալիքներու, արժէքներու, իտէալներու, նպատակներու, տեսլականներու, կենցաղակերպերու, մտածողութիւններու, գործելակերպերու ու սովորութիւններու ամբողջութիւնն է, ինչպէս նաեւ` անոնց փոխանցումը սերունդէ սերունդ: Աւանդութիւնը սերտօրէն կապուած ըլլալով տուեալ ազգի մը, կրօնի մը կամ կազմակերպութեան կեանքին ու պատմութեան հոլովոյթին հետ, վճռական դեր ունի անոր ինքնութեան երաշխաւորման, ամբողջականութեան պաշտպանման, գոյութեան ամրացման ու շարունակականութեան պահպանման մէջ: Հետեւաբար ազգեր ու կրօններ միշտ նախանձախնդիր եղած են իրենց աւանդութիւններու անվթար պահպանման նկատմամբ, որովհետեւ զանոնք նկատած են էական` ինքնաճանաչման ու ինքնահաստատման, ինքնագոյութեան ու ինքնարտայայտութեան ամրապնդման ու զարգացման համար:
* * *
Աւանդութեան Քրիստոնէական Ըմբռնումը
Երբ ընդհանուր ակնարկ մը նետենք քրիստոնէական կեանքին ու հաւատքին հիմքը կազմող Աստուածաշունչին վրայ, Հին թէ Նոր կտակարաններուն մէջ յաճախակի ակնարկութիւններու կը հանդիպինք աւանդութեան կարեւորութեան մասին: Այս ուղղութեամբ ուշագրաւ են հետեւեալ երկու կէտերը. Ա.) մարգարէներուն եւ առաքեալներուն կողմէ ժողովուրդին ուղղուած զգուշացում, թէ պէտք չէ Աստուծոյ պատուիրաններէն հեռանալ, եւ մարդկային սովորութիւններուն կառչիլ (Մր 7.13, 1.3): Բ.) Թելադրութիւն` կառչած մնալու աւանդութիւններուն եւ ըլլալու հաւատարիմ այն աւանդութիւններուն, որոնք մարգարէներուն ու առաքեալներուն կողմէ փոխանցուած են ժողովուրդին (Բ. Թես 2.14):
Ինչպէս բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդներուն, նաեւ մեր ժողովուրդի պարագային, աւանդութիւններուն արմատները պէտք է առնչուած ըլլան` Աստուածաշունչին, քրիստոնէական կեանքին, վկայութեան, առաքելութեան ու պատմութեան, եւ այն բոլոր ուսուցումներուն, արժէքներուն ու սկզբունքներուն, որոնք կը կազմեն քրիստոնէական հաւատքի էութիւնն ու ինքնութիւնը: Արդարեւ, որեւէ եկեղեցիէ ու քրիստոնեայ ժողովուրդէ աւելի`, մեր ազգի ու եկեղեցւոյ պարագային այս իրողութիւնը այնքա՜ն զօրեղ կերպով շեշտուած է: Մենք ո՛չ միայն առաջին ժողովուրդը եղած ենք քրիստոնէութիւնը ընդունող, այլ նաեւ քրիստոնէութիւնը հայ կեանքէն ներս մուտք գործելով հայացած է ու հայ կեանքը` քրիստոնէացած: Քրիստոնէութեան ու հայութեան այս ամուր շաղախումը մեր ժողովուրդը մղած է քրիստոնէական նկարագիր տալու հին հեթանոսական աւանդութիւններուն, եւ երբեմն նոյնիսկ` զանոնք հեռացնելու հայ կեանքէն եւ նորը հաստատելու: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետէն սկսեալ մինչեւ այսօր մեր աւանդութիւնները, ըլլան անոնք կրօնական, մշակութային, ազգային թէ ընկերային, թրծուած են աստուածաշնչական ուսուցումներով ու արժէքներով:
Աւանդութիւն Ու Աւանդութիւններ
Աստուծոյ Միածին Որդին իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին աշակերտներուն թելադրեց երթալ աշխարհի չորս ծագերը եւ քարոզել իր ուսուցումները: Քրիստոս եկեղեցի չհիմնեց, այլ առաքելութիւն մը յանձնեց իր աշակերտներուն: Քրիստոսի փոխանցած առաքելութիւնը իրագործելու ընթացքին հին աշխարհի զանազան շրջաններէն ներս յառաջացան կրօնական համախմբումներ ու համայնքներ: Անոնք հետզհետէ սկսան կազմաւորուիլ` հաւաքներ կազմակերպելով, հաւաքական պաշտամունքներ կատարելով, պատասխանատուներ նշանակելով, յարաբերութիւններ մշակելով: Այդ շրջանին տակաւին գոյութիւն չունէին Աստուածաշունչ, ծէս կամ նուիրապետութիւն: Եկեղեցին կազմաւորուեցաւ կենդանիԱւանդութեան մը շուրջ, որուն մաս կը կազմէին այն բոլոր վկայութիւնները եւ ուսուցումները, որոնք փոխանցուած էին Քրիստոսէն` իր առաքեալներուն ու աշակերտներուն ճամբով:
Արդ, աւանդութենէն ծնաւ Աստուածաշունչին կազմաւորումը առաջին դարու աւարտէն սկսեալ, ինչպէս նաեւ` դաւանական ու ծիսական շարք մը աւանդութիւններ: Եկեղեցին յստակ տարբերութիւն մը դնէ աւանդութեան ու աւանդութիւններուն միջեւ: Աւանդութեան պարագային, եկեղեցին զայն կը նկատէ էական ու անփոփոխելի, որովհետեւ անոր մաս կը կազմեն` Աստուածաշունչը, դաւանական ու աստուածաբանական հիմնական սկզբունքներ, հայրապետական կոնդակներ, հոգեւոր ու բարոյական ուսուցումներ, այլ խօսքով` եկեղեցւոյ հիմքը կազմող տարրեր: Աւանդութիւններու պարագային, անոնք ժամանակի ընթացքին եկեղեցիներու կողմէ հաստատուած են, ընդհանրապէս տեղական նկարագիր ունին եւ կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ: Այս տիպի աւանդութիւնները եւս կարեւոր են, պայմանով սակայն, որ անոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով աղերս ունենան քրիստոնէական կրօնի հիմնական ճշմարտութիւններուն, ուսուցումներուն ու հաւատալիքներուն հետ:
Աւանդութիւն, Մշակոյթ, Ծէս Ու Միջավայր
Աւանդութիւնները անմիջականօրէն աղերս ունին մարդկային կեանքի հոլովոյթին եւ միջավայրին հետ եւ, հետեւաբար, միշտ ենթակայ են շրջապատի ազդեցութեան, փոփոխութեան, վերանորոգման, ու նոյնիսկ` կորստեան: Աւանդութիւնները սերտօրէն առնչուած են մշակոյթին, որովհետեւ մշակոյթն է աւանդութիւն մը ձեւաւորողն ու կազմաւորողը, անոր իւրայատուկ ինքնութիւն ու արտայայտութիւն տուողը: Աւանդութիւնները նաեւ կապուած են եկեղեցւոյ կեանքին առանցքը կազմող ծէսին: Ծէսին ու աւանդութեան միախառնումը մէկ կողմէ աւանդութիւնները պահած են անվթար, միւս կողմէն` աւանդութիւնները տուեալ ծէսին իւրայատկութիւնը պահած են ամուր: Աւանդութեան առնչութիւնը միջավայրին հետ միշտ եղած է գոյութենական, որովհետեւ միջավայրին ճամբով ինքզինք արտայայտելով՛ աւանդութիւնները միշտ ենթակայ եղած են անոր ազդեցութիւններուն:
Մեր մատնանշած երեւոյթները այնքան ցայտուն կերպով ի յայտ կու գան մեր ժողովուրդի պարագային: Արդարեւ, երբ պահ մը դիտենք՛ մեր ազգին ու եկեղեցւոյ պատմութեան հոլովոյթը, ներքին վերիվայրումները, տեղափոխութիւնները, միջավայրի փոփոխութիւնները ու յատկապէս մշակոյթի տիրական ներկայութիւնը, յստակօրէն կը նշմարենք աւանդութիւններուն կարեւոր դերը: Սնայուն տեղաշարժի ենթակայ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս նաեւ յստակօրէն կը տեսնենք մեր աւանդութիւններուն մէկ մասին կորուստը կամ գունաթափումը եւ նոր աւանդութիւններու յառաջացումը: Իսկ այսօր նաեւ ականատես կը դառնանք նոյն աւանդութիւններուն տարբեր արտայայտութիւններու` Միջին Արեւելքէն եւ արեւմտեան գաղութներէն ներս, որպէս հետեւանք միջավայրի ազդեցութեան: Նշեալ երեւոյթները մեզ պէտք է մղեն մէկ կողմէն վերաշեշտելու աւանդութեան ներկայացուցած անփոխարինելի կարեւորութիւնը, եւ միւս կողմէն անհրաժեշտութեան պարագային, անցեալէն ժառանգուած աւանդութիւնները վերատեսութեան ու բարեփոխութեան ենթարկելու հրամայականը:
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1 Յունուար, 2025
Անթիլիաս, Լիբանան
(Շար. 1)