ՀՀ-ն Պէտք Չէ Մասնակցի COP29-ին, Զուգահեռ՝ Պաշտօնական Յայտարարութեամբ Պէտք է Նշուի՝ Չի մասնակցիր, Քանի Որ ազրպէյճանը Չէ Լուծած Պատանդներուն Հարցը. Վահրամ Բալայեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի չմասնակցելու պարագային հնարաւո՞ր է քանի մը երկրի, ինչպէս՝ Իրանի, Ռուսիոյ կողմէ COP-29 համաժողովին բարձրացուի հայ գերիներու, պատանդներու հարցը։ Շառլ Միշէլը, որ 2022 թուականի Հոկտեմբեր 6-ին Փրակի մէջ՝ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Արցախը ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու հարցով մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ, պիտի բարձրացնէ՞ պատանդներու եւ գերիներու հարցը։

Արցախի ԱԺ նախկին փոխնախագահ, Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեանի խօսքով՝ Միացեալ Նահանգները, Եւրոպան մշտապէս կը խօսին ժողովրդավարութեան մասին, կը փորձեն ժողովրդավարութեան գաղափարին տակ կառուցել կեանքը՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ ատոր տակ ինչ կայ։ Հետեւաբար՝ այս ամէնուն խորապատկերին վրայ, հնարաւոր է, ի վերջոյ, մարդու իրաւունքներու ոտնահարման ու այլ խնդիրներու հետ կապուած հարցեր բարձրացուին համաժողովին։

«Մինչ այս համաժողովը մի քանի երկրների կողմից նման մօտեցումներ ու յայտարարութիւններ կային, մասնաւորապէս խօսքը վերաբերում է Ֆրանսիային, որը գնահատականներ տուեց արցախահայերի բռնի տեղահանութեան հետ կապուած։ Այս ամէնի համատեքստում հնարաւոր եմ համարում, որ պաքւում գերիների, պանտանդների հարցը բարձրացուի»,- 168.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին կը նշէ Վահրամ Բալայեան։

Անոր կարծիքով՝ Հայաստանը պէտք չէ մասնակցի COP-29 համաժողովին, անոր զուգահեռ՝ ցանկալի է, որպէսզի ըլլայ պաշտօնական յայտարարութիւն, ուր կը նշուի, որ Հայաստանը պաշտօնապէս չի մասնակցիր COP-29-ին, քանի որ ազրպէյճանը չէ լուծած պատանդներու, գերիներու վերադարձի հարցը։

«Երկու օր առաջ ալիեւը կրկին խօսում էր այն մասին, թէ երկու երկրների միջեւ որոշակի փոխըմբռնում կայ, հնարաւորութիւն կայ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար, չնայած ես այդ ամէնն իրատեսական չեմ համարում։

Սա ինչ-որ տեղ նաեւ աշխարհին ուղղուած մեսիճ կը դառնայ, որ Հայաստանը տէր է իր  քաղաքացիների, ազգային շահերի պաշտպանութեանը։ Այսպէս պէտք է անեն, որպէսզի աշխարհի համար ընկալելի լինի, քանի որ Հայաստանը ոչ թէ ինչ-որ երկրի քաղաքացիների համար է այդպէս անում, այլ իր իսկ սեփական քաղաքացիների»,- կ՝եզրափակէ Վահրամ Բալայեան։

Նշենք, որ COP-29 համաժողովը պաքուի մէջ պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբեր 22։