Շթուտկարտի Մէջ Ներկայացուեցաւ Բանաստեղծուհի Արմինէ Սարգսեանի «Անվերնագիր Յուշեր» Գիրքը
Հոկտեմբեր 20-ին, մտերմիկ շրջանակի մը մէջ տեղի ունեցաւ հայ գրող Արմինէ Սարգիսեանի նոր գիրքի՝ «Անվերնագիր Յուշեր»-ու ներկայացումը։ Այս իրադարձութիւնը մաս կը կազմէր Շթուտկարտի Հայ Մշակութային Օրերուն։
Սարգիսեանի գործերը ներշնչուած են այնպիսի վարպետներէ, ինչպէս Ռեմարկը, Ճոյսը, Հայնէն ու Շէյքսփիրը, եւ ան իր կարդացած հատուածներով հանդիսականները տեղափոխեց կեանքի մը խորը զգացական աշխարհին մէջ՝ երկու մշակոյթներու սահմանագիծին վրայ։ Գիրքի ընթերցումէն եւ խորաթափանց քննարկումէն ետք, ուր կը խօսուէր գրականութեան դերը՝ որպէս մտաւորական զօրութեան աղբիւր, Սարգսեան կարողացաւ ունկնդիրները ներշնչումով կապել իր ստեղծագործութեան հետ։ «Բառերը հոգիին դարպասն են», ըսաւ ան, անդրադառնալով այն կարողութեան, թէ գրականութիւնը ինչպէս կրնայ պաշտպանել բանականութեան եւ զգացականութեան միջեւ հաւասարակշռութիւնը։
Այս ներկայացումը պարզապէս գիրքի ներկայացում մը չէր՝ ան եղաւ մտաւորական եւ զգացական փորձառութիւն մը, որ հարազատօրէն արտացոլաց կորսուած հայրենիքի, աքսորի եւ ներքին զօրութեան նուրբ եւ զգացական կապը։ Հանդիսատեսները ներշնչուած դուրս եկան այս միջոցառումէն՝ իրենց սրտին մէջ նոր ու յատկանշական գրական ուղեւորութիւն մը տանելով դէպի Հայաստան։
Բանաստեղծուհի Արմինէ Սարգսեանին ճակատագիրը տարիներ առաջ հասցուց հեռաւոր Գերմանիա, ուր այժմ կ՚ապրի եւ կը ստեղծագործէ: Իր սիրտը ամէն օր, ամէն պահ կը բաբախէ Հայաստանի եւ Արցախի շունչով: Պատերազմի օրերուն ան ամէն վայրկեան հոգիով ու մտքով ազգին հետ էր: կ՚ապրէր ամէն հայ զինուորի հերոսական նահատակութեան ցաւով, այն զինուորներուն, որոնք մինչև վերջին շունչը մարտնչեցան թշնամիին դէմ։ Եւ այդ ծանր ապրումներէն ծնած են բանաստեղծուհիին այս տողերը.
Հեղեղն է յորդում երկնից կատաղի
Բաց հոգով կ՚անցնեմ ջրվէժի տակով,
Միայն չիմանամ, որ չկաս՝,
Եղի՛ր,
Քո՛ Ամարասով, քո՛ Դադիվանքով։
Սուրբ գմբէթներդ թրջուեցին նորից
Արեան շիթերից հոգին մեր պոռթկաց,
Թէ քեզ պահպանէինք «մե՛ր» ախոյեանից
Այսօր չէր լինի այսքան
Ցաւ ու լաց։
Արմինէ Սարգսեան երկու ժողովածուներու հեղինակ է: 2015-ին լոյս տեսաւ իր «Ստեղնաշարից դուրս» գիրքը։ Բանաստեղծութիւնները թարգմանուած են ռուսերէն, սպաներէն և գերմաներէն լեզուներով։ Երկրորդը՝ «Անվերնագիր յուշեր» գիրքն է: