«Հին Արուեստի Նոր Ժառանգները» Խորագիրով Ձեռարուեստի Ցուցահանդէս-աշխատանոցը՝ Նոր Ջուղայի Մէջ
Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան Մշակութային միաւորի վարչութեան, Սրբոց Թարգմանչաց եւ Հայ մշակոյթի տօներուն առիթներով, նոյն միութեան յարկին տակ կազմակերպուեցաւ «Հին արւեստի նոր ժառանգները» խորագիրով ձեռարուեստի ցուցահանդէս-աշխատանոցը, ուր ցուցադրուած եւ կենդանի կատարումներով հանդիսատեսի դատին յանձնուած էին նորջուղայեցի արուեստագէտ վարպետ-վարպետուհիներու նրբագեղ աշխատանքներէն բազմաթիւ օրինակներ:
Ցուցադրուած նմուշներու շարանին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէին՝ Մարաշի շրջանի, եկեղեցական դասի զգեստներու եւ հայկական աւանդական կանաչ-կարմիրի ոճերուն պատկանող ասեղնագործութիւններ, Ջուղայի ֆիլէներ, փայտեայ սպասքներ, փայտի վրայ հայկական դաճերու քանդակագործութիւններ, մանրանկարչութիւն, գեղանկարչութիւն, տիճիթըլ արուեստի ու գիրքի կազմարարութեան եւ տպագրութեան արուեստի նմուշներ, քարտաշագործութիւն ու գործուածքի վրայ հայկական դաջուածքներ եւ այլն:
Երկօրեայ այս միջացառման բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի՝ Հոկտեմբեր 16-ի երեկոյեան, ներկայ էին Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սիփան արք. Քէչէճեանը, ազգային մարմիններու, շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի, հայոց դպրոցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները, «Արարատ» միութեան Կեդր. վարչութեան անդամներն ու արուեստասէր ժողովուրդ:
Բացման երեկոն վարեց Մշակութային միաւորի անդամ Արսինէ Մարգարեան, որ կարեւորութեամբ ընդգծեց, թէ նորջուղայեցիները ունենալով սեփական մշակութային աւանդներու յստակ գիտութիւնը եւ պահպանելով նախորդ սերունդներուն վաստակը, շարունակած են իրենց նախնիներուն ուղին, թէեւ անոնք երբեմն բախած են դժուարութիւններու եւ կանգնած են խոչընդոտներու առջեւ, սակայն ատիկա չէ շեղած անոնց՝ իրենց ընտրած ճանապարհէն:
Ծրագրով գեղարուեստական կատարումներ իրագործուեցան կազմակերպիչ միաւորի «Կռունկ» խումբի անդամներուն միջոցով. Վահագն Դաւթեանի «Այր մի Մաշտոց անուն»-ը ասմունքեց Էմիլի Նաւասարդեանը, իսկ պարախումբը «Մախմուր աղջիկ» երգի ներքոյ ներկայացուց իր հեզաճկուն պարը:
Այնուհետեւ ներկաներուն առիթ ընձեռուեցաւ ոչ միայն մօտիկէն ծանօթանալու ցուցադրուած եզակի նմուշներուն, այլ նաեւ դիտելու վարպետներու կենդանի իրագործումները, որոնց շնորհիւ առաւել մեծ տպաւորութիւն յառաջացաւ այցելուներուն մօտ:
Ցուցահանդէսին մասնակցութիւն ցուցաբերած արուեստագէտներն էին՝ Սուրէն Մինասքանեանը (զարդանախշում եւ քարտաշութիւն), Սոնիկ Զաքարեանը (Մարաշի ասեղնակար), Վարդան Այւազեանը (փայտէ աշխատանքներ-معرق), Սարօ Տէր-Մարտիրոսեանը (փայտէ քանդակներ), Անահիտ Աղախանեանը (եկեղեցական դասի զգեստի ասեղնակար), Հրաչ Տէր-Յովհաննիսեանը (տպագրութիւն եւ կազմարարութիւն), Իզապէլ Կարապետեանը (Ջուղայի ֆիլէ եւ ասեղնակար), Շաքէ Ղարիբեանը (կանաչ-կարմիրի ասեղնակար), Երանուշ Թահմազեանը (մանրանկարչութիւն եւ Մարաշի ասեղնակար), Վազրիկ Մելքոնեանը (փայտէ սպասք եւ այլ աշխատանքներ), Արփա Մարգարեանը (տիճիթըլ արուեստ) եւ Արթուր Քամարզարեանը (գործուածքի վրայ ձեռքով տպագրութիւն)։
Թղթակից (Նոր Ջուղա)
«ԱԼԻՔ»