Միւռոնօրհնէք Եւ Սուրբ Էջմիածինի Մայր Տաճարի Վերաօծում

Հայաստան

Շաբաթ, 28 Սեպտեմբերին, Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ Միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը, իսկ Կիրակի, 29 Սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեան, կատարուեցաւ Ս. Էջմիածինի մայր տաճարի վերաօծումը:

Մայր տաճարի վերաօծման երէկուան արարողութեան ընթացքին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ըսաւ. «Պատմական անբեկանելի ճշմարտութիւն է, որ մարտնչիլ Սուրբ Էջմիածինի դէմ կը նշանակէէ մարտնչիլ հայոց ինքնութեան եւ գոյութեան դէմ, հարուած հասցնել հայոց պետականութեան եւ հայ կեանքը պարպել ազգային ու հոգեւոր բովանդակութենէ»:

Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր պատգամը ուղղեց վարչապետի ներկայութեան` առանց յստակութիւններու, թէ որո՛ւն ուղղուած է իր յայտարարութիւնը:

«Սուրբ Էջմիածինի առաքելութիւնը արժեզրկելու որեւէ քայլ կը նշանակէ փորձել տկարացնել մեր ազգը, խարխլել հիմքերը անկախ ու ինքնիշխան կեանքի, որուն ջատագովն ու պաշտպանն է հայոց եկեղեցին: Ս. Էջմիածինի հանդէպ աշխարհասփիւռ հայութեան որդիական ջերմ սիրով ու նախանձախնդրութեամբ ամուր է մեր հայրենիքը, զօրեղ եւ անկոտրում` միաբանութիւնը մեր ժողովուրդի»,- ընդգծեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

Վեհափառը նաեւ յորդորեց` «զերծ պահենք մեր պատմութիւնը կեղծիքներէ ու խեղումներէ»: