Ընտրութիւններէն Քառասուն Օր Առաջ Քամալա Հարիսը Կը Սկսի Սիրաշահիլ Ամերիկահայ Ընտրողները. Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբին Արձագանգը
ՀՀ անկախութեան օրուան առիթով ԱՄՆ նախագահի դեմոկրատ թեկնածու, երկրի գործող փոխնախագահ Քամալա Հարիսը հրապարակած է ուղերձ՝ ուղղուած ամերիկահայութեան։ Այնտեղ Հարիսը աջակցութիւն յայտնած է «Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերու՝ իրենց տուները անվտանգ վերադառնալու իրաւունքին»։ Դեմոկրատ թեկնածուն նաեւ նկատած է․ «Մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը», ինչպէս նաեւ՝ յանձնառու է «Հայաստանի եւ իր հարեւաններու միջեւ ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը յարգող կայուն խաղաղութեան հասնելուն»:
Անդրադառնալով փոխնախագահ Հարիսի յայտարարութեան՝ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատած է․ «Որպէս փոխնախագահ՝ Քամալա Հարիսը ամբողջ տարի մը ունէր գործելու Արցախի վերադարձի իրաւունքին համար՝ ԱՄՆ առաջնորդութեամբ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւին միջոցով, սակայն ան այս մասին սկսած է խօսիլ (ամերիկահայերու, ո՛չ թէ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու հետ) ընտրութիւններէն միայն 40 օր առաջ, երբ հայ ընտրողները կրնան վճռորոշ ըլլալ առանցքային «ճոճուող» նահանգներուն մէջ: Յատկանշական է, որ փոխնախագահ Հարիսը, որուն վարչակազմը զինած է ազրպէյճանի ցեղասպանական շրջափակումը եւ յարձակումը Արցախի վրայ, մատ անգամ չբարձրացուց եւ նոյնիսկ ձայն չբարձրացուց 2023 թ․ ազրպէյճանի յարձակման դէմ։
Նոյնիսկ քարոզարշաւի հռետորաբանութեան մակարդակով ան ոչ մէկ բառ ըսած է ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական սպառազինութիւնն ու օժանդակութիւնը դադրեցնելու կամ այլ կերպ պաքուին, իր յանցագործութիւններուն համար, պատասխանատուութեան ենթարկելու վերաբերեալ: Քաղաքական գործիչները՝ նախագահական թեկնածուները եւ այլն, չեն կրնար դիրքաւորուիլ որպէս հայերու բարեկամներ՝ միաժամանակ հրաժարելով պատասխանատուութեան ենթարկել ալիեւը կամ չկարենալով զսպել ազրպէյճանական յարձակումը»։
Շաբաթներ առաջ, Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը հանդէս էր եկել ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի եւ գործող նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմերուն ուղղուած քննադատութեամբ։ Յանձնախումբը, հաշուի առնելով նախընտրական ժամանակահատուածը, ընտրական մրցապայքարի կողմերուն առաջարկած էր յստակ գործողութիւններ, որոնք էական նշանակութիւն պիտի ունենան հայկական շահերու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն, մասնաւորապէս՝ ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութեան անյապաղ վերացում, ազրպէյճանցի ռազմական յանցագործներու նկատմամբ թիրախային պատժամիջոցներու սահմանին, Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքի երաշխաւորում, արցախցի փախստականներուն մարդասիրական օգնութեան էական աճ եւ այլն։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախընտրական զարգացումներու ներկայ փուլին ամերիկահայերը կրնան առանցքային դեր ունենալ 2024 թ․ նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ, յատկապէս շարք մը առանցքային կարեւորութեան նահանգներուն մէջ, ուր թեկնածուներու ձայները չափազանց մօտ են իրարու, մասնաւորապէս Արիզոնայի, Ճիորճիայի, Միշիկընի, Նեւատայի, Հիւսիսային Գարոլինայի, Փենսիլվանիոյ եւ Ուիսկանսընի մէջ։ Այդ նահանգներուն մէջ առկայ են հայահոծ խոշոր համայնքներ:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակ