Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն Ուխտերթ՝ Դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Հայաստան


«Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր,

2024թ. Սեպտեմբեր 28-ին եւ 29-ին` Վարագա Սուրբ Խաչի տօնին կը նախատեսուին Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւնները:

Ուստի եկէք այս առիթներով 2024թ․ Սեպտեմբեր 30-ին` Երկուշաբթի, ժամը 09:00-ին՝ Երեւան քաղաքի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցիէն ուխտերթով շարժինք դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:

Եկէք վերանորոգենք մեր Ուխտը Տիրոջ հետ, միասին խոնարհ հոգիով, կոտրուած սրտով մեր քայլերը ուղղենք դէպի մեր փրկութեան տապանը՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, յայտնապէս վկայենք մեր հաւատքն առ Տէր Յիսուս Քրիստոս, միասիրտ աղօթքով խնդրենք մեր սիրոյ ու հաւատքի նորոգում:

Մեր փրկութիւնը միայն Աստուծմէ է: Ուխտերթ/Խաչերթը Քրիստոսի` դէպի Գողգոթա անցած ճանապարհի խորհուրդը ունի նաեւ: Տէրը ըսաւ. «Եթէ մէկը կը կամենյ հետեւիլ ինծի, թող ուրանայ իր անձը, վերցնէ իր խաչը եւ գայ իմ ետեւէն» (Մատթ. 16:23): Ցանկացողները կրնան իրենց հետ օրհնուած խաչ կամ սրբապատկեր ունենալ:

Ուխտերթի երթուղին՝

09:00-ին՝ Երեւանի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն մեկնարկ,

15:00-ին Էջմիածին քաղաքի մուտքի՝ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջի մօտ կանգառ, աղօթք,

15:45-ին Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջի մօտէն մեկնարկ,

17:00-ին Նորաօծ Մայր Տաճարին մէջ խոնարհում Յիսուս Քրիստոսի իջման վայրին մէջ, միասնական աղօթք:

Յիշենք՝ մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսը կ՝ըսէ.

«Եթէ ձեզմէ երկուքը միաբանուին երկրի վրայ որեւէ խնդրանքի համար, ինչ ալ որ խնդրեն, կը կատարուի անոնց համար իմ Հօր կողմէ, որ երկնքի մէջ է. որովհետեւ ուր երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած ըլլան իմ անունով, այնտեղ եմ ես, անոնց մէջ» (Մատթ. 18:19-20)»։

«Սրբազան Հայաստան» նախաձեռնութիւն