Զօրեան Ուսումնարանը Արիզոնայի Համալսարանին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Պիտի Ներկայացնէ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Զօրեան ինստիտուտը (ուսումնարան) երկրորդ տարին ըլլալով կը մասնակցի «Ցեղասպանութեան իրազեկման շաբաթ» ձեռնարկին, որ այս տարի կ՝ընթանայ Արիզոնայի պետական համալսարանին մէջ (ASU) 2024 Ապրիլ 15-19։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Զօրեան ուսումնարանը։

Ռոզենպլութ ընտանիքի բարեգործական հիմնադրամը 12-րդ անգամ իրականացուող «Ցեղասպանութեան իրազեկման շաբաթ»-ուան ծիրէն ներս կը համախմբէ ականաւոր գիտնականներ, քաղաքական գործիչներ, աքթիւիստներ, արուեստագէտներ, իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչներ, մարդասէրներ, որոնք հանդէս պիտի գան դասախօսութիւններով, պիտի ներկայացնեն ցուցադրութիւններ եւ վերապրողներու պատմութիւններ՝ փորձելով հասկնալ, թէ հասարակութիւնը ողջ աշխարհի մէջ ինչպէս կ՝առերեսուի եւ կը դիմակայէ բռնի գործողութիւններուն եւ ցեղասպանութեան առկայ եւ շարունակական սպառնալիքներուն, միաժամանակ նայելով անցեալին՝ դասեր քաղելու եւ ցեղասպանութենէն տուժածներուն յարգանքի տուրք մատուցելու ձգտումով։

Կը նշուի, որ «Ցեղասպանութեան իրազեկման շաբաթ»-ը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ցեղասպանութեան կրթութեան ու իրազեկման նուիրուած ամենամեծ ձեռնարկն է:

Ուսումնարանի մասնակցութեան հիմքը հայկական պատմութիւնները ներկայացնելու առաքելութիւնն է՝ միաժամանակ ընդունելով ցեղասպանութիւնը որպէս համամարդկային աղէտ։

Այս տարուան համաժողովի թեման կը վերաբերի ազգայնականութեան, պետական բռնութեան եւ ցեղասպանութեան մէջ պետութեան դերին․ թէ ինչպէս պետութիւնը կը նպաստէ եւ կ՝իրականացնէ ցեղասպանական բռնութիւններ։ Կեդրոնանալով ցեղասպան պետութեան վրայ՝ Ցեղասպանութեան իրազեկման շաբաթ 2024-ի մասնակիցները իրենց կատարած ուսումնասիրութիւններուն հիման վրայ պիտի ներկայացնեն ազգայնականութեան մենատէր եւ բացառող ձեւերու տարբեր տեսակները, թէ ինչպէս կը կառուցուին եւ կը պահպանուին ազգային ինքնութեան ծայրայեղական ձեւերը, ռասայականութիւնը եւ ռասայական գիտութիւնը, մշակութային արժէքներու ոչնչացումը, կրօնական ազգայնականութիւնը, եւ թէ ինչպէս զանգուածային բռնութիւնը կը մշակուի եւ կը խրախուսուի ցեղասպան պետութիւններուն կողմէ՝ օգտագործելով արհեստագիտութիւնն ու քարոզչութիւնը։

Ապրիլ 18-ին Զօրեան ուսումնարանին մէջ պիտի իրականացուին երկու պանելային հանդիպումներ, որոնցմէ առաջինին ընթացքին պիտի ներկայացուի 2020 թուականին ուսումնարանի պատուէրով հրատարակուած «Հաւաքական եւ պետական բռնութիւնը թուրքիոյ մէջ» վերնագիրով գիրքը: Այս աշխատութիւնը թրքական ազգային ինքնութեան ստեղծման եւ փոքրամասնութիւններու, նաեւ՝ ալեւիներու, հայերու, ասորիներու, հրեաներու, յոյներու, քիւրտերու եւ եզտիներու նկատմամբ որպէս «ներքին թշնամիներու» վերաբերմունքի մասին է։ Անիկա իր տեսակին մէջ առաջինն է, որ կ՝ուսումնասիրէ շարք մը դէպքերու ուսումնասիրութիւններ եւ թրքական պետութեան գործողութիւններն ու անպատժելիութիւնը:

Համաժողովին պիտի մասնակցին այս գիրքին 16 հեղինակներէն 3-ը. դոկտոր Այշենուր Քորքմազը՝ Նիտըռլանտներու յառաջադէմ ուսումնասիրութիւններու ուսումնարանէն (Ամսթերտամ), դոկտոր Տէյվիտ Կաունթը՝ Գալկարիի համալսարանէն, եւ դոկտոր Համիտ Պոզարսլանը՝ Ecole des hautes études en: Sciences sociales (EHESS)-էն: Մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը պիտի ներկայացնէ գիրքին մէջ առկայ ուսումնասիրութիւններէն կամ թեմաներէն որեւէ մէկը, նիստը պիտի վարէ դոկտոր Պարլոու Տէր Մկրտիչեան:

Երկրորդ նիստը՝ «Բնիկներու մշակոյթներու եւ լեզուներու բնաջնջումը եւ վերակենդանացումը», համեմատական վերլուծութիւն է, որուն կը մասնակցին գիտնականներ տարբեր ոլորտներէ։ Քննարկման մասնակիցներ Լորենա Ֆոնթէյնը՝ Վինիփեկի համալսարանէն, Լորի Խաչատուրեանը՝ Գոռնելի համալսարանէն եւ Թալար Շահինեանը՝ UC Irvine-էն, պիտի ներկայացնեն իրենց ուսումնասիրութիւնները Գանատայի, Միացեալ Նահանգներու, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան (Լեռնային Ղարաբաղ) բնիկ ժողովուրդներուն վերաբերեալ: Այս նիստը, որ կը վարէ Քարէն Ճարաթ Սնայտըր, պիտի փորձէ քննել երկխօսութեան եւ փոխըմբռնման հնարավորութիւնները բնիկներու միջեւ:

Ի յաւելումն այս նիստերուն՝ Զօրեան ուսումնարանը պիտի շարունակէ իր յանձնառութիւնը՝ կրթութիւնը աւագ դպրոցի դասարաններուն մէջ՝ «Արդարութեան, հանդուրժողականութեան, հաշտեցման եւ իրազեկման խթանում Ցեղասպանութեան կրթական ծրագրի միջոցով» թեմայով: Զօրեան ուսումնարանի գիտական խորհուրդի փոխնախագահ, փրոֆէսըր Ալեքս Ալվարեզի գլխաւորութեամբ այս նախաձեռնութիւնը 10-12-րդ դասարաններու միջնակարգ դպրոցի աշակերտներուն հնարաւորութիւն կու տայ հիմնարար պատկերացում կազմելու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու եւ ցեղասպանութեան մասին՝ ներգրաւուած միջոցառումներու, դասարանային քննարկումներու եւ ֆիլմերու միջոցով:

Ուսումնարանի մասնակցութիւնը Ցեղասպանութեան իրազեկման շաբթուան եւս մէկ անգամ կ՝ընդգծէ անոր նուիրուածութիւնը ցեղասպանութեան իրազեկման եւ կանխարգիլման վերաբերեալ բովանդակալից ուսումնասիրութիւններու խթանման:

Զօրեան ուսումնարանը, որպէս ցեղասպանագիտութեան ոլորտէն ներս առաջամարտիկներէն մէկը, կը շարունակէ որոշիչ դերակատարութիւն ունենալ ցեղասպանութեան՝ որպէս համամարդկային աղէտի, թեմայի վերաբերեալ դիսկուրսի ձեւաւորման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ մարդկութեան վրայ ցեղասպանութեան գործած երկարատեւ ազդեցութեան, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ուսումնասիրութիւններու իրականացման մէջ։