Համշէնի Քերականութեան Շնորհանդէս

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

«ԱԿՕՍ»

17 Մարտ Կի­րակի երե­կոյ Գա­տըգիւղ համ­շէնցի­ներու «Հա­տիկ» միու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գի­նեձօն՝ Հու­րի­յէ Շա­հինի համ­շէ­նի բար­բա­ռի քե­րակա­նու­թեան եւ Մա­հիր Էօզ­քա­նի այդ նոյն լե­զուի ինքնուսման հա­մար գրի առած գիր­քե­րուն։

Եր­կու հե­ղինակ­նե­րը նախ կար­գաւ ծա­նօթա­ցու­ցին իրենց աշ­խա­տասի­րու­թեան ընդհա­նուր յատ­կութիւննե­րը եւ ապա կա­յացաւ հան­դի­սատես­նե­րու հետ հա­ճելի երկխօ­սու­թիւն մը։ Յայտնի էր, որ մին­չեւ մօտ ան­ցեալ համ­շէնցի­ներու մօտ տի­րող տա­րակար­ծութիւննե­րը կամ մե­ծաւ մա­սամբ հա­սած էին որոշ եզ­րա­կացու­թեան եւ այս մի­ջոցառ­ման հե­տեւող­նե­րու մօտ այդքան ալ հար­ցա­կան չէր իս­լա­մացած համ­շէնցի­ներու եր­բեմնի հայ ինքնու­թիւնը։

Այս ան­գամ անոնք կը գի­տակ­ցէին թէ հա­մշէնե­րէն կո­չուած առտնի խօ­սակ­ցա­կան լե­զուն առան­ձին լե­զու մը չէր, այլ հա­յերէ­նի մե­ծաւ մա­սամբ մո­ռացուած բար­բառնե­րէն մէ­կը, որ մե­կու­սացման պայ­մաննե­րու մէջ յա­ջողած է մին­չեւ օրս գո­յու­թիւնը պա­հել առանց գիր ու գրա­կանու­թեան։ Կար­ծի­քի փո­խանա­կումներ եղան, մին­չեւ մեր օրե­րուն հաս­նող այդ լե­զուին յա­րատե­ւու­թիւնը ապա­հովե­լու հա­մար։ Յայտնի է, որ բնօր­րա­նէն հե­ռացու­մը կը սպառ­նայ նաեւ լե­զուի գոր­ծա­ծու­թեան եւ այդ պայ­մաննե­րու տակ ալ հետզհե­տէ ան­կա­րելի կը դառ­նայ մայ­րե­նիի պահ­պա­նու­մը։ Ան­շուշտ տա­կաւին շատ կա­նուխ է այս գի­տակ­ցութեան հա­մընդհա­նուր բնոյթ ստա­նալը, քա­նի որ քա­ղաքա­կան դրդումներ եւս համ­շէնցի­ներու մօտ գո­յացու­ցած են թրքա­կան ազ­գայնա­կանու­թիւն մը, քա­նի որ այդքան ալ դիւ­րին տա­նելի բան մը չէ «հայ» կո­չու­մով գո­յու­թիւնը պա­հել ազ­գայնա­մոլու­թեան հետզհե­տէ ծա­ւալած պայ­մաննե­րու տակ։

Վեր­ջին հա­շուով ներ­կա­ներ այս մի­ջոցա­ռու­մով առի­թը ու­նե­ցան իրենք յու­զող զա­նազան նիւ­թե­րու շուրջ թէ՛ ար­տա­յայ­տո­ւելու եւ թէ նոր ըն­կա­լումներ իւ­րացնե­լու առումով։