Լոյս Տեսած է Երուանդ Փամպուքեանի «Ազգային Հերոս Անդրանիկի Անտիպ Նամակները» Փաստաթուղթերու եւ Նիւթերու Ժողովածուն

Հայաստան, Սփիւռք

Լոյս տեսած է վաստակաշատ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի «ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՐՈՍ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ԱՆՏԻՊ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ» փաստաթուղթերու եւ նիւթերու ժողովածուն՝ որպէս «Վէմ մատենաշարի» 8-րդ հատոր։

252 էջէ բաղկացած այս հատորը կը ներառէ ազգային հերոսին 1901-1914 թթ. նամակներն ու գրութիւնները, որոնք կը պահուին ՀՅԴ Կեդրոնական արխիւին մէջ։

Յառաջաբանին հեղինակն է պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ամատունի Վիրապեան։