Մարսէյլի Մէջ Սողոմոն Թեհլիրեանի Յուշարձանը Բացուած է

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Նեմեսիս» գործողութեան մասնակից, հայ վրիժառու, Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանը տեղադրուած է Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքին մէջ։

Yerkir.am-ի տեղեկութիւններով՝ Մարտ 15-ին, Մարսէյլի հայաշատ Բոմոն թաղամասի Pasteur հրապարակին վրայ հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցած է յուշարձանի բացման արարողութիւնը։

Ձեռնարկի ընթացքին ֆրանսահայ փոքրիկներ երգած են «Գինի լից» երգը, պաստառներ բռնած իրենց ձեռքերով, որոնցմէ մէկուն վրայ գրուած էր` «Թեհլիրեան արդարադատ»։

2017 թուականին Մարսէյլի հրապարակներէն մէկը պաշտօնապէս անուանուած է հայ վրիժառուին անունով։

Սողոմոն Թեհլիրեանը ծնած է 1897 թուականին` Արեւմտեան Հայաստանի Երզնկա գաւառին մէջ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմը սկսելուն պէս մեկնած է Հայաստան, ուր մասնակցած է կամաւորական շարժման՝ Անդրանիկ Օզանեանի գունդին մէջ։

1915 թուականին վերապրած է ցեղասպանութիւնը, 1921 թուականի Մարտ 15-ին Պեռլինի մէջ գնդակահարած է Հայոց Ցեղասպաթեան գլխաւոր կազմակերպիչ, թուրքիոյ ներքին գործերու նախարար Թալէաթ փաշան։ Նոյն տարուան Յունիս 2-ին գերմանական դատարանը անպարտ ճանչցած է Թեհլիրեանը։ Այնուհետեւ ան մեկնած է Պելկրատ, ապա՝ ԱՄՆ։

1960 թուականին` 64 տարեկանին, Սողոմոն Թեհլիրեանը մահացած է Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքին մէջ ու թաղուած է Ֆրեզնոյի հայկական «Արարատ» գերեզմանատան մէջ։