Սինանեանի Նկարագրին Յատուկ Խեղաթիւրումը

Հայաստան, Սփիւռք

Վերջերս այսպէս կոչուած Սփիւռքի յանձնակատար Սինանեանի գրասենեակը լուր մը տարածած է, թէ իբր Աւստրալիոյ մէջ իրեն հանդիպած են ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ քննարկած են Հայաստանին վերաբերող հարցեր:

Այո, Փետրուար 10-ին հանդիպած են, բայց հանդիպման նպատակը եղած է իրենց բողոքի ձայնը բանաւոր եւ գրաւոր իրեն եւ իր մաս կազմած իշխանութեան յղելը:
Ստորեւ գրաւոր նամակին բովանդակութիւնը․

ՀՅԴ Աւստրալիոյ եւ անոր ուղեկից կազմակերպութիւնները
● Խստագոյնս կը դատապարտեն ՀՀ կառավարութեան քաղաքականութիւնը, որ վտանգեց Արցախի անկախ պետականութիւնը և Արցախի ժողովուրդի՝ իր պապենական հայրենիքին մէջ ապահով ապրելու մարդու հիմնարար իրաւունքները։
● Կը հաստատեն, որ Նիկոլ Փաշինեանը եւ անոր կառավարութիւնը բացարձակապէս ձախողած են ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը պահպանելու եւ պաշտպանելու իրենց ամենակարեւոր պարտականութիւնը։ Հակառակ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ ազրպէյճանի շարունակական յարձակումներուն, անոնք դեռ կը շարունակեն կառչած մնալ իշխանութեան եւ յառաջ մղել «խաղաղութեան պայմանագիր»-ի օրակարգը։
● Կը դատապարտեն ՀՀ կառավարութեան՝ ազրպէյճանի կողմէ կալանաւորուած հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման եւ վերադարձի գծով ձախողումը։
● Կը դատապարտեն Հայաստանի կառավարութեան շարունակական ջանքերը՝ խարխլելու եւ խոչընդոտելու Արցախի իշխանութիւններուն գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ։
● Կը պնդեն, որ Փաշինեանի կառավարութեան շարունակական յարձակումները Հայոց եկեղեցուոյ եւ բանակի վրայ՝ երկու կարեւոր կառոյցներու, որոնք կը պաշտպանեն մեր ինքնութիւնն ու մշակույթը Հայաստանի մէջ, խարխլելով պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող Հայաստանի ազգային հիքերը եւ, ի վերջոյ, կը վտանգեն Հայաստանի պետականութիւնը։
● Կ’ընդգծեն, որ մեր պատմական եւ մշակութային խորհրդանիշները, ինչպիսիք են Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը, մեր պետական ​​օրհներգը եւ Արարատ լեռը, կը կազմեն մեր հայկական ինքնութեան էութիւնը Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ կը մերժեն այս խորհրդանիշները մեր մշակոյթէն եւ ինքնութենէն ջնջելու բոլոր փորձերը։ .
● Կը դատապարտեն Հայաստանի կառավարութեան որոշումը՝ արգիլելու ՀՅԴ շարք մը առաջնորդներու եւ երիտասարդ գործիչներու մուտքը Հայաստան։ Անոնք կ՝ընդգծեն, որ իշխող կառավարութեան եւ հայոց պետականութեան միջեւ կայ էական տարբերութիւն եւ կը պնդեն, որ ՀՅԴ-ն պիտի շարունակէ ի գործ դնել Հայաստանի իշխանութեան քայլերը քննադատելու իր իրաւունքն ու պարտականութիւնը, որոնք կը հակասեն մեր ազգային շահերուն եւ կը վտանգեն մեր պետականութիւնը։
● Կը դատապարտեն ուժի անհամաչափ կիրառումը եւ ոստիկանական դաժանութիւնը հայ ցուցարարներու նկատմամբ, որոնք վերջին երեք տարիներուն ընթացքին, բողոքի շարժումներուն ժամանակ կ’օգտագործեն իրենց ժողովրդավարական ​​իրաւունքը՝ արտայայտելով իրենց զայրոյթը ընդդէմ Արցախի վերաբերեալ Հայաստանի կառավարութեան վարած քաղաքականութեան։
● Աւստրալահայերու անունով, որոնք 2020 թուականի Արցախեան պատերազմի ժամանակ բարեխղճօրէն նուիրաբերած են «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին, կը պահանջեն, որ Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ իւրացուած բոլոր միջոցները պէտք է ամբողջութեամբ վերադարձուին «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին եւ տրամադրուին իրենց բուն նպատակին՝ Հայաստանի եւ Արցախի հայութեան։

Այս կետերը շեշտուեցան յանձնակատարի հետ հանդիպման ժամանակ։
Հանդիպման մասնակիցները վերահաստատեցին նաեւ, որ հայկական պետականութիւնը, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Արցախի հայկական ինքնութիւնը անսակարկելի կը մնան ՀՅԴ Աւստրալիոյ, անոր քոյր կազմակերպութիւններու եւ աւստրալահայութեան համար, որոնք ինչպէս միշտ պատրաստ են աջակցելու Հայաստանին, Արցախին եւ մեր ժողովրդին։


http://www.armenia.com.au/news/AustraliaNews/English/75948/ARF-Australia-Protests-Armenian-Government-Policies-During-Meeting-with-Sinanyan