Բողոքի Ցոյց Ուաշինկթընի Մէջ՝ Ի Յիշատակ Սումկայիթի եւ պաքուի Ջարդերուն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Կիրակի, 25 Փետրուարին, Հայ Երիտասարդական Միութեան տեղւոյն «Անի» մասնաճիւղը բողոքի ցոյց կազմակերպեց՝ ի յիշատակ Սումկայիթի եւ պաքուի մէջ կատարուած 1988-ի ջարդերուն։

Սումկայիթի հիւսիսային շրջանը, Կասպից ծովու ափին, պաքուէն 30 քիլոմեթր հիւսիս, ունէր 224 հազար բնակչութիւն, որուն շուրջ 18 հազարը հայեր էին:

Հայերուն դէմ ջարդերը սկսան 27 Փետրուարի երեկոյեան եւ յաջորդ օր լայն ծաւալ ստացան: Ջարդարարները, քանի մը տասնեակ հոգիէ բաղկացած խումբերու բաժնուած, ներխուժեցին նախապէս նշանառուած հայկական բնակարանները: Մարդիկ կը սպանուէին իրենց տուներուն մէջ, կամ զանոնք դուրս՝ փողոց կամ բակ կը հանէին եւ հրապարակային ծաղր ու ծանակի ենթարկելէ, իսկ կիներն ու աղջիկները բռնաբարելէ ետք կը սպանէին:

28 Փետրուարի երեկոյեան, բանակային ստորաբաժանումներ մտան Սումկայիթ, սակայն անոնք քաղաքը աստիճանաբար իրենց հսկողութեան տակ առին, քանի որ ուժ եւ զէնք գործադրելու հրաման չէին ստացած: Հայերու սպանութիւնները կը շարունակուէին: Զօրքերու անտարբերութեան պատճառով ամբոխը յարձակեցաւ զինուորներուն վրայ, եւ 270 զինուորական տուժեց: Միայն 29 Փետրուարի երեկոյեան, բանակային ստորաբաժանումները վճռական գործողութիւններու դիմեցին եւ կասեցուցին հայերու դէմ ջարդերուն շարունակութիւնը:

Ուաշինկթընի ցոյցը կատարուեցաւ ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ։ Ցոյցին մասնակցողները կոչ ուղղեցին համայնքի բոլոր ներկայացուցիչներուն, քայլեր առնել եւ աջակցիլ Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի կողմէ քաջալերուող՝ ի նպաստ Արցախի եւ Հայաստանի որոշումներուն։