Յոգնած Կինը Ինչպէ՞ս Կրնայ Կրկին Աշխուժանալ

Այլեւայլ

Կինը գեղեցիկ եւ գրաւիչ է միայն այն ժամանակ, երբ աշխոյժ է: Յոգնած, անտրամադիր կանայք ոչ մէկուն համար հաճելի են: Աշխուժութեամբ լեցուիլը դժուար չէ․

-Ֆիզիքական մակարդակ։ Կինը աւելի առոյգ կը դառնայ
կատարելով հետեւեալ գործողութիւնները՝տաբատի փոխարէն կիսաշրջազգեստ կրելով, զարդեր կրելով, զբաղուելով մարմնի խնամքով, մարմնամարզանքի յաճախելով, յոկա ընելով, պարելով, ճիշդ սննդակարգի անցնելով:

-Յուզումնալի մակարդակ։ Հաճելի տպաւորութիւններ ստանալը շատ կարեւոր են կանանց համար: Ուժասպառ կանայք աւելի լաւ է չհանդիպին կոպիտ, յոռետես, նախանձ մարդոց հետ: Հարկաւոր է ընտրել լաւ մարդիկ, շրջապատուիլ գեղեցկութեամբ, լսել լաւ երաժշտութիւն,
դիտել հաճելի ֆիլմեր: Նաեւ կարեւոր է չմոռնալ զբօսանքի մասին:

-Մտաւոր մակարդակ։ Գիտելիքները  շատ կարեւոր են կանանց բնոյթին, անոնց` իբրեւ կին եւ մայր պարտականութիւններու պատշաճ կատարման համար: Կանացիութեան գիտութիւնը աւելի դիւրին իւրացնելու համար կարելի է գրել ցանկալի յատկութիւնները եւ աշխատիլ զարգացնել զանոնք ձեր մէջ:

Հոգեւոր մակարդակ։ Սեփական հոգեւոր աշխարհի ըմբռնումը անհրաժեշտ է բոլորին, իսկ կինը կը դառնայ աւելի գեղեցիկ, երբ հանդարտ է: Կինը հանգիստ է, երբ կը վստահի աշխարհին:

Կնոջ իրական հզօրութիւնը անոր հանգստութեան մէջ է: