Լեմգինի Ուսումնարանը ԱՄՆ-ին Կոչ Ըրած է Երուսաղէմի Կովերու Պարտէզի Վէճին Գծով Պաշտպանելու Հայերը

Աշխարհ, Սփիւռք

Լեմգինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուսումնարանը կոչ ըրած է ԱՄՆ-ին եւ Իսրայէլի միւս դաշնակիցներուն՝ հայկական համայնքին պատշաճ իրաւական օգնութեամբ՝ երաշխաւորելու հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» հատուածի համար վէճին գծով: Այս մասին, ըստ
Sputnik Արմենիա-ի նշուած է ուսումնարանի յայտարարութեան մէջ։

Ուսումնարանը խորապէս մտահոգուած է Երուսաղէմի հայկական թաղամասի ամբողջականութեան սպառնալիքներով: Մասնաւորապէս, յայտարարութեան մէջ կ՝ընդգծուի, որ այս աշնան հայ համայնքը արդէն կորսնցուցած է կարեւոր պատմական հող՝ Արցախը (Լեռնային Ղարաբաղը), որուն բնակչութիւնը ազրպէյճանական յարձակման պատճառով ստիպուած եղած է լքելու իրենց տուները:

«Թէեւ Երուսաղէմի մէջ հայ բնակչութիւնը այսօր շատ փոքր է, հայկական թաղամասը կը շարունակէ մնալ սփիւռքի ներկայութեան կարեւոր մասը։ Անիկա հայերու ամենահին գործող սփիւռքն է», – նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Ուսումնարանէն ներս ընդգծած են, որ Երուսաղէմի հայկական թաղամասի մշակութային ժառանգութիւնը պէտք է պաշտպանուած ըլլայ կառուցապատողներէն: