Ի Յիշատակ Երկրաշարժի Զոհերուն՝ Սիսիանի Մէջ Քայլերթ Պիտի Կազմակերպուի

Հայաստան

1988 Դեկտեմբեր 7-ի երկրաշարժի զոհերուն ի յիշատակ՝ Սիսիանի մէջ քայլերթ պիտի իրականացուի։ Այս մասին կը հաղորդէ Սիսիանի համայնքապետարանը։

«Սոյն թուականի Դեկտեմբեր 7-ին, ժամը 11:00-ին, երկրաշարժի տարելիցին առիթով, քայլերթ պիտի սկսի՝ Սիսակ Նահապետի անուան հրապարակէն դէպի երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած յուշարձան, ուր տեղի պիտի ունենայ «Փլատակուած երազներ 35» խորագիրով յուշ-ցերեկոյթ»: