ՀՄԸՄ Գանատայի 50-րդ Մարզական Խաղեր

Սփիւռք

Ահաւասիկ հասաւ այն պահը, երբ Գանատայի շրջանի մարզիկները անգամ մը եւս պիտի բոլորուէին միատեղ ու միասնաբար քաղցր յիշատակներ հիւսէին իրարու հետ։ Բոլորին ուրախութիւնն ու խանդավառութիւնը անբացատրել էր։ Երէց թէ կրտսեր, որքա՜ն երկար ժամանակ սպասած էին այս օրը տեսնելու ու ապրելու։

Եւ այսպէս, 24, 25 եւ 26 Նոյեմբեր 2023-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանի 50-րդ Մարզական խաղերը, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջ․ վարչութեան, կազմակերպութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ ՀՄԸՄ-Կամք Մոնթրէալի մասնաճիւղի վարչութեան։

Չորս երկար տարիներ սպասելէ ետք, Գանատայի Շրջանէն իրենց մասնակցութիւնը բերին Թորոնթոյի, Գեմպրիճի, Համիլթընի, Սենթ Գաթրինզի, Վանգուվըրի, Լաւալի եւ Մոնթրէալի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներէն՝ Մերիմաքի, Շիքակոյի, Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի, Պոսթընի եւ Լոս Անճըլըսի մարզական խումբերը։ Կազմակերպուած էին ոտնագնդակի, պասքէթպոլի, վոլիպոլի, փինկ-փոնկի եւ ճատրակի մրցաշարքեր, մասնակցութեամբ 60 մարզական խումբերու աւելի քան 400 մարզիկներու։

Առաջին օրը պասքէթպոլի, վոլիպոլի եւ ճատրակի մրցաշարքեր տեղի ունեցան Ս․ Յակոբ Ազգ․ վարժարանի «Հաճէթեան» մարզարանին ու Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզարանին մէջ, որոնք տեւեցին մինչեւ ուշ գիշեր։ Յաջորդ օրը «հայկական բանակ, ցեղի անմահներ»ը ուղղուեցաւ Rosemere շրջանի մարզահամալիրը, ուր տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Գանատայի 50-րդ Մարզական խաղերու պաշտօնական բացումը, ներկայութեամբ՝ ՀՄԸՄ Կեդր․ վարչութեան Գանատայի ներկայացուցիչ ք․ Լիոնի Սարմազեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ ընկ․ Հրակ Տարագճեանի եւ ընկ․ Սեւակ Խոշեանի, Շրջանային վարչութեան, Շրջանի վարչութեան անդամներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպաստոս տիար Լեւոն Աֆէեանի եւ տիկին Աննա Աֆէեանի, Քեպէգի Նահանգային երեսփոխաններ՝ տիկին Սոնա Լախոյեան Օլիվիերի եւ Անտրէ Մորինի, Ahuntsic-Cartierville-ի քաղաքապետուհի տիկին Էմիլի Թիւիլէի, Լաւալի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ տիկին Սեդա Թօփուզեանի, Մոնթրէալի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ տիկին Վանա Նազարեանի, պատկան մարմիներու ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ մեծ թիւով համակիրներու։

Օրուան բեմավարները՝ եղբ․ Րաֆֆի Դաւիթեան եւ ք․ Թառա Էկոյեան, բարի գալուստ մաղթեցին բոլորին հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։ Եղբ․ Դաւիթեան իր խօսքին մէջ ըսաւ․ «Այսօր կը նշենք ՀՄԸՄ-ի 105-րդ ամեակը եւ ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի հիմնադրութեան 65-ամեակը։ Անհամբեր կը սպասէինք այս օրուան, որպէսզի միասնաբար կարենանք հաճելի շաբաթավերջ մը անցընել»։ Ապա հնչեց Արցախի քայլերգը, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Յակոբ Թէփիրճեան, մեկնաբանելով «Տուն իմ հայրենի» երգը։

Յաջորդաբար տողանցեցին Արեւելեան Միացեալ Նահանգներէն Պոսթընի, Շիքակոյի, Նիւ Ճըրզիի, Նիւ Եորքի եւ Մերիմաք հովիտի մասնաճիւղերուն մարզիկները, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Լոս Անճըլըսի «Մասիս» մասնաճիւղի մարզիկները, Գանատայէն՝ Վանգուվըրի, Լաւալի, Սենթ Գաթրինզի, Համիլթընի, Գեմպրիճի, Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մասնաճիւղերուն մարզիկները, վերջինիս սկաուտներն ու փողերախումբը։ Ապա եղբ․ Սեւան Աբանեան մեկնաբանեց Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգները։

Խօսք առաւ ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի ատենապետ եղբ․ Լէոն Արապեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներէն ժամանած մարզիկներուն, որոնք խանդավառութեամբ ընդառաջեցին այս հրաւէրին, աւելի եւս պատմական դարձնելով շրջանիս 50-րդ Մարզական Խաղերը: Ապա խօսքը ուղղելով մարզիկներուն ըսաւ․ «Սիրելի մարզիկներ, այսօր ձեր տօնն է, այսօր ձեր առիթն է ցուցադրելու ձեր փայփայած մարզաձեւը եւ նուաճելու ձեր երազանքը, միշտ բարձրագոյն պատուանդանի վրայ պահելով ՀՄԸՄ-ը։ Ձեր մասնակցութեամբ արդէն բոլորդ ալ յաղթած էք»։

Ապա խօսք առաւ ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ եղբ․ Մանուէլ Քէօսէեան, որ խօսքին մէջ շնորհաւորեց բոլորը՝ ՀՄԸՄ Գանատայի 50-րդ Մարզական Խաղերուն առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ հիւր մասնաճիւղերուն։ Ան ըսաւ․ «Չորս տարիէ ի վեր այս խաղերը տեղի չեն ունենար, ներազգային առումով վերիվայրումներ շատ եղան, լիբանանի տնտեսական տագնապ, Սուրիոյ երկրաշարժ, Արցախեան պատերազամ ու վերջերս ալ մեծ թիւով արցախցիներու տեղահանութիւն։ Այո՛, տագնապալի օրեր կ’ապրինք, բայց ՀՄԸՄ-ականը չի՛ յուսալքուիր եւ չի՛ յուսահատիր, հակառակը, թեւերը կը սոթտէ եւ կ’անցնի գործի, որպէսզի հասնի իր բոլոր քոյրերուն ու եղբայրներուն անմիջական պէտքերը հոգալու»։ Եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ․ « Գիտեմ որ բոլորդ ալ անհամբեր էք սկսելու այս խաղերուն եւ վստահաբար պիտի տաք ձեր լաւագոյնը, պիտի մրցիք, բայց մէկ բան պիտի խնդրեմ ձեզմէ, կ’ուզեմ, որ եռանդով, ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ մասնակցիք խաղերուն ու նոր բարեկամութիւններ հաստատէք։ Այսպիո՛վ մենք յաղթած կ’ըլլանք»։

Ելոյթ ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Գանատայի ներկայացուցիչ ք․ Լիոնի Սարմազեան։ Քոյրը եւս բարի գալուստ մաղթեց բոլորին ու բարձր գնահատեց հիւրընկալ մասնաճիւղին տարած կազմակերպչական աշխատանքները։ Ապա իր խօսքը շարունակեց ըսելով․ «ՀՄԸՄ-ական տողանցքը դիտելով, մենք պիտի խանդավառուինք մեր նոր սերունդով, որոնք կու գան փաստելու, թէ մեր սիրելի միութեան երթը կը շարունակուի ու պիտի շարունակուի նորերով։ Տեւաբար պիտի գան նորերը, եւ մեր ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր զաւակներն ու թոռները վստահիլ ՀՄԸՄ-ի «կամաւոր բանակ»ին, որ իր 105-ամեայ ծառայութեամբ ու նուիրումով յարգանքի արժանի է բոլորին կողմէ»։ Ք․ Սարմազեան այս առիթով անդրադարձաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովին առնուած որոշումներուն՝ պահպանել Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան խորհրդանիշերը, հաստատել «ՀՄԸՄ-Արցախ Հիմնադրամ»ը, մշակել Արցախէն բռնի տեղահանուած փոքրիկներու համար ծրագիրներ ու ամէնէն կարեւորը՝ ՀՄԸՄ Արցախի Մեկուսի Շրջանը՝ միութեանս 111-րդ մասնաճիւղը, պահել եւ շարունակել անոր գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ։

Հուսկ, հրաւիրուեցան ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի մարզիկներէն ք․ Լիլիթ Ադամեան եւ եղբ․ Սարօ Գազարեան, որպէսզի արտասանեն Մարզիկին Պատուիրանը։

Պաշտօնական հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով, ազդանշանը տալով պաշտօնապէս բաց յայտարարելու ՀՄԸՄ Գանատայի 50-րդ Մարզական Խաղերը։

Երեք օրերու մրցումները ընթացան մեծ յաջողութեամբ։ Բոլորին դէմքին վրայ ակնյայտ էր գոհունակութիւնն ու ուրախութիւնը։ Մրցակցութեան ոգին բարձր էր, միշտ հետեւելով ՀՄԸՄ-ի նշանաբան՝ «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր»ին։ Իւրաքանչիւր մարզիկ իր լաւագոյնը կ’ուզէր տալ, նախ որպէս մարզիկ, որպէս հա՛յ մարզիկ եւ ամէնէն կարեւորը՝ որպէս ՀՄԸՄ-ակա՛ն մարզիկ, իր տիպար կեցուածքով, նիստ ու կացով։

Մրցաշարքերը հասան իրենց աւարտին, ու յաղթական խումբերը ստացան մետալներ եւ բաժակներ։

Մրցումներուն աւարտին բոլոր մասնակիցները բարձր տրամադրութեամբ ՀՄԸՄ-ական մարզիկի վայել ձեւով իրարու ցտեսութիւն ըսին, յաջորդ տարին անգամ մը եւս հանդիպելու յոյսով, այս անգամ Գեմպրիճի մէջ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք յաղթական խումբերուն անունները իրենց մասնաճիւղերու անուններով․

– Ճատրակ

Առաջին դիրք՝ եղբ․ Անթոնի Օհաննէսեան (Մոնթրէալ)

Երկրորդ դիրք՝ եղբ․ Վահէ Թութիկեան (Գեմպրիճ)

Երրորդ դիրք՝ եղբ․ Սիմոն Գըրմըզեան (Մոնթրէալ)

– Փինկ-փոնկ

Առաջին դիրք՝ եղբ․ Յակոբ Գաբրիէլեան (Մոնթրէալ)

Երկրորդ դիրք՝ եղբ․ Մանուէլ Աֆարեան (Լաւալ)

– Վոլիպոլի երէցներ

Առաջին դիրք՝ Նիւ Եորք

Երկրորդ դիրք՝ Մերիմաք Հովիտ/Շիքակօ

– Պասքէթպոլի կրտսեր տղաք

Առաջին դիրք՝ Մոնթրէալ

Երկրորդ դիրք՝ Թորոնթօ

– Պասքէթպոլի պատանի աղջիկներ

Առաջին դիրք՝ Մոնթրէալ Ա․

Երկրորդ դիրք՝ Մոնթրէալ Բ․

– Պասքէթպոլի պատանի տղաք

Առաջին դիրք՝ Մոնթրէալ

Երկրորդ դիրք՝ Թորոնթօ

– Պասքէթպոլի երէց աղջիկներ

Առաջին դիրք՝ Մոնթրէալ

Երկրորդ դիրք՝ Թորոնթօ

– Պասքէթպոլի երէց տղաք

Առաջին դիրք՝ Թորոնթօ

Երկրորդ դիրք՝ Մերիմաք Հովիտ

– Պասքէթպոլի վեթերան տղաք

Առաջին դիրք՝ Մոնթրէալ Ա․

Երկրորդ դիրք՝ Նիւ Եորք

– Ոտնագնդակի կրտսեր տղաք

Առաջին դիրք՝ Նիւ Եորք

Երկրորդ դիրք՝ Մոնթրէալ

– Ոտնագնդակի պատանի տղաք

Առաջին դիրք՝ Մոնթրէալ

Երկրորդ դիրք՝ Թորոնթօ

– Ոտնագնդակի երէց տղաք

Առաջին դիրք՝ Մոնթրէալ Բ․

Երկրորդ դիրք՝ Պոսթըն

– Ոտնագնդակի վեթերան տղաք

Առաջին դիրք՝ Մոնթրէալ Ա․

Երկրորդ դիրք՝ Լաւալ

ք․ Շողիկ Ազարիկեան