Դեկտեմբեր 2-ին Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը Դուրս Պիտի Հանուի

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հայոց առաջին լուսաւորիչներ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարդուղիմէոս առաքեալներու տօնը այս տարի պիտի տօնախմբէ Դեկտեմբեր 2-ին: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռէն:

Առաքեալներուն տօնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով՝ 2015 թուականին հռչակուած է Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդի ուխտի օր:

Տօնին առիթով Մայր Աթոռի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ, որուն ընթացքին դուրս պիտի հանուի Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը:  

Սուրբ  Պատարագի սկիզբը` ժամը 10:30-ին:

Սրբազան մասունքը հաւատացեալներու երկրպագութեան համար մատուռ-մկրտարանին մէջ պիտի մնայ մինչեւ ժամը 18։00։

Տօնին նախորդ օրը՝ Դեկտեմբեր 1-ին, ժամը 17։30 երեկոյեան ժամերոգութեան ընթացքին Մայր Աթոռի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ պիտի կատարուի նախատօնակ։ Յընթացս նախատօնակին դուրս պիտի հանուին Սուրբ Թադէոսի եւ Սուրբ Բարդուղիմէոսի մասունքները։

Սիրով կը հրաւիրենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդը այցելելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ ստանալու հրաշագործ Սուրբ Գեղարդէն բաշխուող օրհնութիւնը: