Թիֆլիսի Մէջ Տօնական Համերգ` Նուիրուած Արամ Խաչատրեանի 120-ամեակին

Հայաստան

Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ, Նոյեմբեր 27-ին, Թիֆլիսի մէջ կազմակերպուեցաւ տօնական համերգ` նուիրուած հայ մեծանուն երաժշտահան Արամ Խաչատրեանի 120-ամեակին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Վրաստանի Հայ Համայնք կազմակերպութիւնը։

Իր բարձր կատարողական արուեստով՝ Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբը՝ խմբավար Յարութիւն Արզումանեանի գլխաւորութեամբ՝ հիացուց հանդիսատեսը։