Արարատի Մարզին Մէջ ՀՕՄ-ը 500 Արցախցի Ընտանիքի Օժանդակած է

Հայաստան

Այսօր Արարատի մարզի ՀՅԴ Արտաշատի, Վեդիի եւ Մասիսի գրասենեակներէն՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած շուրջ 500 ընտանիքի տրամադրուեցան Հայ Օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) պատրաստած սննդամթերքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու արկղերը։

Այս մասին կը կարդանք ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամ Գերասիմ Վարդանեանի Facebook-ի էջէն: