Արցախի Թեմի Առաջնորդը Նշանակուած է Մայր Աթոռի Արցախի Հոգեւոր-մշակութային Ժառանգութեան Հարցերով Գրասենեակի Տնօրէն

Հայաստան

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինութեամբ կատարուած են եկեղեցականներու նոր նշանակումներ:

Արցախի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան նշանակուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի տնօրէն, իսկ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան՝ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի վարիչ:

Հոգեշնորհ Տ. Սահակ վարդապետ Շաքարեան ծառայութեան կոչուած է Սիւնեաց թեմէն ներս առաջնորդական տեղապահի իշխանութեան ներքոյ: