44-օրեայի Մասին Պատմող «1489» Ֆիլմը՝ IDFA Փառատօնի Յաղթող

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Շարժանկարի բեմադրիչ Շողակաթ Վարդանեանը 44-օրեայ պատերազմի օրերուն ծնողներուն հետ կը փնտռէր անհետ կորսուած եղբայրը՝ Սողոմոնը: Տղան անհետ կորսուած էր 2020 թուականի Հոկտեմբերին։ Երիտասարդ բեմադրիչը, օգտագործելով իր հեռախօսի տեսախցիկը, նկարահանած է եղբօր որոնման ողջ գործընթացը եւ փաստագրած այն փորձառութիւնները, որոնց մէջէն անցած են ինքն ու ընտանիքը։

Վաւերագրական շարժանկարի աշխարհի ամենահեղինակաւոր փառատօնը՝ Ամսթերտամի միջազգային փաստավաւերագրական փառատօնը (IDFA), «Լավագոյն ֆիլմ» անուանակարգով յաղթող ճանչցած է Շողակաթ Վարդանեանի, 44-օրեայ պատերազմի անձնական ողբերգութիւնէն ծնած «1489» տեպիւդային ֆիլմը եւ շնորհած գլխաւոր մրցանակը: Ֆիլմը արժանացած է նաեւ «FIPRESCI» մրցանակին, որ աննախադէպ յաջողութիւն է հայ շարժանկարի պատմութեան մէջ։

Փառատօնի ժիւրին ֆիլմին տրուած գնահատականը ձեւակերպած է այս կերպ. «Ֆիլմ, որ հանդէս կու գայ իբրեւ թափանցող լոյս, որ տեսանելի կը դարձնէ հսկայական վիշտի թաքնուած ներքին լանտշաֆդը եւ կը ստեղծէ շոշափելի ներկայութիւն անտանելի բացակայութենէն: Շարժանկարը իբրեւ գոյատեւման գործիք՝ թոյլ կու տայ բոլորիս տեսնելու այն, ինչ մենք կը նախընտրենք չտեսնել: Եւ, ի վերջոյ, անիկա շարժանկարի անմոռանալի օրինակ է՝ իբրեւ սիրոյ ակտ»: