Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Ընդունած Է «Հայաստանի Պաշտպանութեան 2023 Թուականի Օրէնքը»

Աշխարհ, Հայաստան

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը ընդունած է բանաձեւ մը, որմով Միացեալ Նահանգներու նախագահին կ՛առաջարկուի երկու տարիով արգիլել 1992 թուականի «Արտաքին գործառոյթներու, արտահանման ֆինանսաւորման եւ յարակից ծրագիրներու յատկացումներու մասին» օրէնքի («Ազատութեան աջակցութեան աքթի») 907 ենթաբաժինի շրջանցումը` կապուած ազրպէյճանին տրամադրուող օգնութեան հետ:

15 Նոյեմբերին Ծերակոյտին առաջարկած այս բանաձեւը ուժի մէջ պիտի մտնէ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ վաւերացուելէ եւ նախագահին կողմէ ստորագրուելէ ետք:

Ծերակոյտը նշած է, որ այս օրէնքը կրնայ յիշատակուիլ իբրեւ «Հայաստանի պաշտպանութեան 2023 թուականի օրէնք»: