Մեր Աղօթքներուն Մէջ Յիշենք Արցախի Աւելի Քան 100 Հազար Հայերը. Արամ Ա․-ի Աղօթքը ԱՄՆ Քոնկրեսէն Ներս

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ն.Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը իբրեւ հիւր քահանայապետ այցելած է ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատ եւ բացման աղօթք յղած՝ յիշատակելով Արցախէն բռնի տեղահանուածները: Այս մասին կը յայտնէ ԱՄՆ-ի Հայ Դատի յանձնախումբը։

«Մեր աղօթքներուն մէջ յիշենք 100 հազարէն աւելի հայերը, որոնք ստիպուած եղան լքելու իրենց դարաւոր օթեւանը՝ Լեռնային Ղարաբաղը, ու բախիլ անորոշութիւններու»,- ըսած է ան։

Յիշեցնենք` Արամ Ա․ երկշաբթեայ այցով մեկնած է ԱՄՆ։ Հանդիպումներ նախատեսուած են Ուաշինկթընի, Ֆիլատելֆիոյ, ու Ճըրսիի եւ Նիւ Եորքի հայ համայնքներու ներկայացուցիչներու, թեմական, պետական եւ եկեղեցական պատասխանատու մարմիններու հետ։