Արցախը` Առանց Արցախցիներու. Ռուսական Ներկայութիւնը «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ի Կովկասին Մէջ․ Խ․Տէր Ղուկասեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նիկոլ Փաշինեանը Փրակայի մէջ Արցախը ճանչցաւ Ազրպէյճանի 86.600 քառ. քմ տարածքին մէջ: Արձանագրուած իրողութիւն է պատմութեան համար: Այնպէս` ինչպէս այս իշխանութիւններու բառամթերքէն պատմական հայկական հողատարածութեան հայերէն անուանակոչման բացառումը եւ անոր պաշտօնական փոխանակումը «Լեռնային Ղարաբաղ»-ով: Ընդհուպ` մինչեւ հրապարակային ներողամտութեան հայցումը «Արցախ»-ի սխալմամբ գործածման պարագային… Փաշինեան չի՛ ժխտեր այդ մէկը: Ընդհակառակը, առիթ չի՛ փախցներ հաստատելու,որ, այո՛, այդպէս է: Կարծես հպարտ ըլլայ ըրածին համար` որպէս իրագործում: Կամ ալ, ինչպէս անոր դաւաճանութեան վստահութիւնն ունեցողները կը հաւատան, Արցախը Ազրպէյճանի մաս կազմելու ընդունումը իրեն համար` իսկապէս հպարտառիթ իրագործում մը ըլլայ, քանի որ միշտ ալ հաւատացած է «Արցախը տանք, հանգիստ ապրինք» վարկածին: Իսկ ատենին «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ»-ի նման յուզումնալից պոռթկումներ իր ամբոխահաճոյի բնազդին պատահական, ոչ մտածուած, ազդեցութեան տակ միայն ըրած ըլլալու է, եւ` սխալած:

Կասկածելի է սակայն, որ «Արցախը տանք, հանգիստ ապրինք»-ի տրամաբանութեան մէջ ընդգրկուած ըլլար բնակչութեան բռնի տեղահանումը Հայաստան, ցեղային զտումի ցեղասպանական ծրագրի իրականացումը, այնպէս` ինչպէս զգուշացուցած էր իրաւագէտ, Քրէական միջազգային ատեանի առաջին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ օգոստոսի սկզբնաւորութեան Արցախի այն ժամանակուան ամբողջական շրջափակման հետեւանքներուն մասին իր պատրաստած զեկոյցին մէջ: Ընդհակառակը, եթէ Ազրպէյճանի կազմին մէջ Արցախի խաղաղ «համարկումը» տեղի ունենար, ոչ միայն պիտի արդարացուէր «տարածաշրջանային խաղաղ դարաշրջան»-ի փաշինեանական առաջարկը` որպէս պետական մարդու տեսլական, այլ նաեւ պիտի հաստատուէր իր եւ Թաւշեայ յեղափոխութեան հեքիաթագիրներուն համոզումը, որ ժողովրդավարութեան հայկական «պրենտ»-ը հզօր է այնքան որ կրնայ Շուշիի մէջ մուղամահունչ թէյասեղանով իրարու մօտ բերել երբեմնի թշնամիները… Դժբախտաբար, Ալիեւը դուրս չեկաւ այն քաղաքակիրթ պետական այրը, որուն հետ Փաշինեան Արցախի բանակցութիւնները զերօ կէտէն սկսելու եւ բարեյաջող աւարտին հասցնելու յաւակնութիւնը ունէր:

Հարիւր հազար եւ աւելի արցախցիներու բռնի տեղահանումը Հայաստան իշխանութիւններուն համար ստեղծեց տիլեմաներ, որոնց մասին երբեք չէր մտածուած Երեւանի մէջ: Եւ ոչ միայն անոնց մարդասիրական օժանդակութեան հարցերով, որ յարաբերաբար լուծելի խնդիր է, ի մասնաւորի երբ Արցախը ազրպէյճանական կազմին մէջ տեսնելու միջոցով միջազգային օրակարգին վրայէն մէկ տագնապ հանելով շահագրգռուած շատ պետութիւններ պատրաստ են ընդառաջելու Երեւանի թախանձանգին դիմումներուն եւ օժանդակութիւն տրամադրելու: ԱՄՆ-ի թէ Եւրոպական Միութեան երկիրներու մէջ սփիւռքեան զօրաշարժը, հայկական լոպին բաւական կ՛օգնէ, բայց ծանօթ է, որ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը, ի մասնաւորի` օրուան իշխանութիւնները, այդ մէկը յիշելու ընդհանրապէս դժկամ են… Արցախի բռնի արտագաղթի տիլեմաները Հայաստանի ներքին թէ արտաքին, թերեւս նաեւ համահայկական (եթէ այդ հարցով աշխուժանայ սփիւռքի հետ գործերու յանձնակատարը, գոնէ` իր գոյութեան մասին յուշելու համար…), ոլորտներուն մէջ աւելի խորքային են` սկսելով արցախցիներու կարգավիճակէն մինչեւ տեղի ունեցածին բնութագրումը որպէս պետական ոճիր եւ ընդգրկումը արտաքին օրակարգին վրայ, այնպիսի պահու մը, երբ «խաղաղութեան համաձայնագրի» մասին Փաշինեանը յառաջընթացի յայտարարութիւն կատարած է:

Պատմութեան դառն հեգնանքն այն է, որ եթէ քանի մը ամիս առաջ Արցախի «համարկումը» Ազրպէյճանի կազմին մէջ կրնար Պաքուի համար խնդիր ըլլալ, այսօր բռնի արտագաղթած արցախցիներու «համարկումը» Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական հասարակութեան մէջ Երեւանի համար մարտահրաւէրի վերածուած է: Ինչ կը վերաբերի պատահածին քաղաքական գնահատական տալուն եւ հարցը, որոշակիօրէն` տեղի ունեցած ցեղասպանական արարքը, միջազգային օրակարգին վրայ հետապնդելու այլընտրանքին, հաւանաբար այդ մէկը առկախուի` սպասելով «խաղաղութեան համաձայնագրի» ճակատագրին: Ամէն պարագայի, տակաւին Սումկայթի օրերէն, հայկական դիւանագիտութիւնը այնքան ալ ճիգ չէ ըրած «ցեղասպանութիւն» յղացքին եւ հայ ժողովուրդի պատմական աղէտալի փորձութեան տալու ռազմավարական գործօնի հասկացողութիւն:

Այս բոլորը Արցախի յանձնումի պատասխանատուութեան հասցէատիրոջ կրկին անգամ յիշեցման կարգով չէ: Արդէն ըսուեցաւ. Փաշինեանն է ընդուներ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ, եւ այդ պատմութեան համար արձանագրուած փաստ է: Հետեւաբար իմաստ չունի հետեւողականօրէն մէջբերել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, որ, իր կարգին, առիթ չի փախցներ հրապարակային կերպով յիշեցնելու, որ Արցախի ճակատագիրը որոշողը հէնց ինքը` Փաշինեանն է եղած: Կարծես թէ Արցախի կարգավիճակին մասին իր երբեմնի անորոշ յայտարարութիւնները կրնան մոռցնել տալ, որ Ռուսիա ոչ միայն երբե՛ք չէ ճանչցած Արցախի անկախութիւնը, այլ տակաւին հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր ան դոյզն նշանն անգամ չէ տուած հայկական հողատարածքը Ազրպէյճանի կազմէն դուրս տեսնելու պատրաստակամութեան: Թէկուզ եւ կայսերական իր մարտավարական հաշիւներու անցողակի տրամաբանութեամբ, ինչպէս եղած է, ի մէջ այլոց, Աբխազիոյ կամ Հարաւային Օսեթիոյ պարագային: Առանց տակաւին նշելու, որ Ազրպէյճանի դարպասման իր ճիգերու յաջողութեամբ պսակումէն ետք, այսինքն` երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան ստորագրումէն ետք, Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին Փութինի եւ իր կամակատարներու բազմիցս կատարած յայտարարութիւններու մէջ Արցախը հո՛ն տեսնելու բացայայտ թէ տողատակ հրապարակային յուշումները:

\Փաշինեանական վարչակարգի մանթրաներէն է ռուս խաղաղապահները թէ, ընդհանրապէս, Ռուսիան մեղադրել հայկական կողմի հետեւողական պարտութիւններուն եւ ձախողութիւններուն համար: Ի մասնաւորի երբ ներքին թէ արտաքին լսարաններ կան, ուր նման աւրուած ձայնապնակային կրկնութիւնը հաճելի երաժշտութեամբ կ՛ունկընդրուի: Այս թեզը ջրելու նպատակով Փաշինեանին մատնացոյց ընող Փութինի ու իր շրջապատի յայտարարութիւններով հանդէս եկողները միայն իրենք իրենց կը խաբեն, եթէ կը կարծեն, որ Մոսկուայի համար ընդունելի պիտի ըլլայ յետփաշինեանական որեւէ ազգային իշխանութիւն, որ նուազ կախեալ ըլլայ Ռուսիայէն: Կամ` բացայայտօրէն ռուսամէտ իշխանութիւն մը պիտի կարենայ Մոսկուան համոզել, որ աւելի հայանպաստ քաղաքականութիւն վարէ, կամ` մի գուցէ արցախցիներուն զանգուածային վերադարձին զօրակցի եւ կրկին օրակարգի վրայ դնէ Արցախի կարգավիճակը: Ռուսական կայսերական քաղաքականութիւնն ու մեծ դրամագլուխի շահագրգռուածութիւնը Հայաստանը ընդհանրապէս դիտարկած են որպէս Ռուսիայէն բացարձակապէս կախեալ երկիր ու պետութիւն:

Արցախի հայաթափումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով իր տուած հարցազրոյցին մէջ, որուն մանրամասնութիւններ հաղորդած է Infocom թելեկրամային հարթակը 28 հոկտեմբեր 2023-ին, նախագահ Սամուէլ Շահրամեանը բացայայտօրէն ըսաւ. «Ռուսական կողմը, կարելի է ասել, գտնւում էր դիտորդի կարգավիճակում,և մենք մեր հարցերը պէտք էր ունակ լինէինք մենակ կարգաւորելու. ռազմական գործողութիւնների սկսուելուց ժամեր անց ես հասկացել եմ, որ մենք մենակ ենք Ազրպէյճանի այդ յարձակման դէմ»: Բացի այն իրողութենէն, որ հայաթափուած Արցախի նախագահն է, որ հրապարակային կերպով կը բացայայտէ ռուս խաղաղապահներու չմիջամտութիւնը, այսինքն` Մոսկուայի լուռ համաձայնութիւնը ազրպէյճանական վերջին եւ վերջնական գրոհին` Արցախը կցելու, մնացեալը հազիւ թէ անակնկալ ըլլայ: Պէտք չէ մոռացութեան տալ այն փաստը, որ երբ ազրպէյճանցի զինուած ուժերը կը փակէին Բերձորի անցքը, անոնց կ՛ուղեկցէին ռուս զինուորներ, ինչպէս օրին ընկերային հարթակներու վրայ տարածուած վաւերական արձանագրութիւն մը կասկած չձգեց: Բայց այդ իրողութիւնը երբեք լուրջ հակազդեցութեան առիթ չտուաւ, հակառակ որ յստակ խախտում մըն էր նոյեմբեր 9-ի եռակողմանի համաձայնութեան: Հայրենի քաղաքական բեմին վրայ իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը առիթը կորսնցուցին եթէ ոչ կեցուածքներ մօտեցնելու, ապա գոնէ` իրադարձութիւնն ու անոր թելադրած հետեւանքներուն պատշաճ միասնական գնահատական տալու: Ըստ երեւոյթին, իշխանութիւններուն համար աւելի կարեւոր էր բաւարարուիլ ռուսական մեղսակցութեան փաստով եւ ոչինչ ընել, իսկ ընդդիմութիւնը, ինչպէս առհասարակ, շատ զգուշ գտնուեցաւ այդ փաստը մատնացոյց ընելու պահուն, չըսելու համար, որ լուռ կերպով նսեմացուց անոր պատգամը` հաւանաբար ի մտի ունենալով Ռուսիոյ հետ բախում մը շրջանցելու անհրաժեշտութիւնը տարբեր հաշիւներով:

Հարցազրոյցը, որ նախագահ Շահրամեան տուած է Արցախի հեռուստատեսութեան ընկերութեան եւ ոչ թէ Հայաստանի մէջ ամէնէն աւելի տարածուած Հ1-ին, ինչպէս դիտորդներ նկատեցին` փորձելով տարբեր մեկնաբանութիւններ տալ երեւոյթին, լուռ կը մնայ սեպտեմբեր 19-ին նախորդած իրադարձութիւններուն մասին: Եւ մինչեւ այսօր կան օդին մէջ կախուած հարցումներ` սկսելով իր նախորդին` Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականէն հասնելով Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի փոփոխութիւնը` ի դէմս փոքրամասնական խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեանի այդ պաշտօնին ստանձման, Շահրամեանի ընտրութեան եւ անմիջապէս յետոյ ազրպէյճանական գռոհին ու աղէտին: ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը օրին շնորհաւորած էր Դաւիթ Իշխանեանը, բայց Շահրամեան ոչ մէկ շնորհաւորութիւն ստացաւ ՀՀ իշխանութիւններէն, ինչ որ առ նուազն տարօրինակ է: Դէպքերու յաջորդականութիւնը պատեհ առիթ ընծայեց փաշինեանական վարչակարգին, ինչպէս միշտ, պատահածէն իր ձեռքերը լուալու եւ ընդդիմութեան վրայ նետելու ամէն յանցանք: Յանկարծակի հայաթափութեան շոքը վստահաբար այնքան զօրաւոր է, որ ոչ միայն կարծես տակաւին հայութիւնը ընդհանրապէս չէ անդրադարձած անոր ձգելիք խորագոյն հոգեխոցին ազգային հաւաքական յիշողութեան մէջ, այլ բռնի տեղահանուած արցախցիներուն վիճակի անմիջական հոգերուն թէ ազրպէյճանական նորագոյն յարձակումի մը անմիջական մտահոգութիւնը այնքան հրամայական են, որ մոռացութեան մատնած են սեպտեմբեր 19-ի անմիջական նախօրէի դէպքերու պատճառներուն մասին էական հարցումներ: Կը մնայ, որ այդ հարցումներուն բացայայտումները հաւանաբար բացատրեն նաեւ արցախցիներու ներկայի թէ ապագայի ամէն ձեւի հարցականներու անպատասխան մնալը, ինչպէս, օրինակ, Ազգային ժողովի նիստ, աքսորեալ կառավարութիւն, կարգավիճակ…

Յստակ է միայն, որ Արցախի հայաթափումը արգելք չհանդիսացաւ հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններու դադարեցման: Ոչ ալ Արցախի հայաթափումով ռուսական զինուորական ներկայութիւնը աւարտեցաւ հոն:

Այսպէս, հոկտեմբեր 30-ին ԱԺ-ի մէջ 2024թ. պետական պիւտճէի նախագծի քննարկման ժամանակ Փաշինեան տեղեկացուց, որ արդէն համաձայնութիւն գոյացած է երեք սկզբունքներու շուրջ` տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչում` թուային ճշգրտութեամբ, սահմանազերծում` համաձայն Ալմաթիի հռչակարգրին եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան միջոցներու բացում` ինքնիշխանութեան իրաւազօրութեան հիման վրայ: Այս վերջին կէտով, Փաշինեան յաւելեալ բացատրութիւն տուած է. «Այս սկզբունքի վերաբերեալ մեր դիրքորոշումները մենք վերջերս ամփոփեցինք` «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին ամբողջական և հայեցակարգային տեսք տալով»: Այսինքն Արցախը Հայաստան չէ, իսկ Հայաստանը իր ապագան կը տեսնէ տարածաշրջանին մէջ կառուցուելիք «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի ծրագրին ընդմէջէն:

Զուգահեռաբար, ըստ նոյն օրուան հոկտեմբեր 30, ռուսական պաշտպանութեան ամէնօրեայ տեղեկագրին, «Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ խնդիրներու կատարումը Ղարաբաղի տարածքին մէջ … Անընդմէջ համագործակցութիւն կը պահպանուի Պաքուի հետ` ուղղուած արիւնահեղութիւն չարտօնելուն, խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման եւ բնակչութեան նկատմամբ միջազգային օրէնքի արժեչափերու պահպանման: … Ճանապարհային ուղղութիւններով երթեւեկի անվտանգութեան ապահովման նպատակով վեց դիրք տեղակայուած է, երկուքը` ազրպէյճանական կողմին հետ միասին»: Այսինքն, թէկուզ եւ սեպտեմբեր 19-էն Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու 24 դիտակէտեր փակուած են, այնուամենայնիւ ռուսական զինուորական ներկայութիւնը կը շարունակուի Պաքուի հետ համաձայնաբար` առանց խաղէն դուրս մնացած Հայաստանին կարծիքը հարցնելու: Ինչպէս 1895-ին ցարական կայսրութեան արտաքին գործ նախարար դարձած Լոփանովը կ՛ըսէր «Հայաստանը մեզ պէտք է առանց հայերու, թող այդ կեղտոտ գործը մեզ համար ընեն թուրքերը», այսօր ալ կարծես Արցախը Ռուսիոյ պէտք է առանց արցախցիներուն, այդ կեղտոտ գործը իրենց համար արդէն ըրին ազրպէյճանցիները…

Այդ մէկը կը խանգարէ՞ փաշինեանական վարչակարգին: Հարցումը կրնայ վիրաւորական թուիլ, ընդվզում յառաջացնել թերեւս, բայց իրողութիւն է, որ հակառակ փոխադարձ ամբաստանութիւններուն, փաշինեանական եւ փութինեան վարչակարգերը խորքին մէջ կարծես լուռ համախոհութեան հասած էին Արցախը Ազրպէյճանի մաս համարելու հարցով: Ըսենք` երկուքին շահերը համընկած էին: Հետեւաբար հիմա, որ այդ հարցը իրողապէս դուրս բերուած է օրակարգէն, չկայ Մինսքի խումբ, եւ հազիւ թէ յղում կը կատարուի արդէն բազմիցս խախտուած եռակողմանի համաձայնագրին, կը մնայ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի ծրագիրը եւ անոր իրականացման շահագրգռութիւնը: Կասկած չկայ, որ երկու վարչակարգերը իրարու հանդէպ ունին քաղաքագաղափարախօսական խոր հակակրանք, որուն հրապարակային արտայայտութիւններուն մէջ աշխուժօրէն դերակատար եղան ու են ե՛ւ մէկ կողմի, ե՛ւ միւս կողմի առաւել թէ նուազ ներկայացուցիչ դէմքեր: Այդ հակակրանքը վստահաբար չի՛ դիւրացներ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ քաղաքական մօտեցումը` աշխարհաքաղաքական համաձայնութիւններու կամ շահերու համախոհութիւն գոյացնելու համար: Սակայն անպայմանօրէն արգելք ալ չի հանդիսանար աշխարհատնտեսական մօտեցումով դրամագլուխի ներդրումներու շահագրգռութիւններու կարելիութեան եւ մինչեւ իսկ առկայութեան:

Ռուսական դրամագլուխի ներդրումներու շահագրգռութիւն տարածաշրջանին մէջ, առանց որ այդ մէկը պայմանաւորուի ռուսական զինուորական ներկայութեամբ, Գիւմրիի խարիսխին կամ ՀԱՊԿ-ին… «Բոլոր կարելի աշխարհներուն լաւագոյնը», պիտի ըսէր Վոլթերի «Քանտիտ» վէպի կերպարներէն Փանկլոսի հայաստանեան տարբերակ մը թաւշեայ շրջանակէն կամ անոնց օրկանական մտաւորականներու ցանկէն: Մոռնալով, որ այդ շահագրգռութիւնը կրնայ եւ յառաջանալ Ազրպէյճանի որոշումով` առանց Սիւնիքի Հայաստան, Էրիվան դարձած Երեւան եւ Կովկասի մէջ ռուսական ներկայութեամբ մը, որ Արցախը առանց արցախցիներու ընդունելէ ետք, կրնայ եւ լոփանովեան շնականութիւնը գրեթէ բառացիօրէն վերակենդանացնել:

Աւարտելու համար նշենք, որ այս զգուշացումը հակառուսականութեան հրահրման նպատակաուղղուած չէ, նուազ` փաշինեանական ուղեգիծի արդարացման: Ընդհակառակը, կասկած չկայ, որ փաշինեանական վարչակարգի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը աղիտալի կերպով ձախողած է: Բայց այդ ալ չէ հիմնականը, որովհետեւ ի՛նչ ալ ըլլայ քառասունչորսօրեայ պատերազմի պարտութեան ներկայ շարունակման գործընթացին աւարտը, ամբողջ սերունդի մը համար, եւ թերեւս` աւելի, Հայաստան «հայրենիք-պետութիւն»-ը, համաձայն Փաշինեանի վերջին սոփեստութեան, կրնայ մատնուիլ մոռացութեան եւ միջազգային օրակարգին վրայ նուազագոյն հետաքրքրութիւն ներկայացնող, ձեւականօրէն գերիշխան բայց իրողապէս ենթիշխան երկիր-հողատարածքներու ցանկին, առանց որեւէ դերակատարութեան յաւակնութեան, անկախ թէ երկրի վարչապետը քանի լուսանկարի մէջ կ՛երեւայ, կամ մէկ նախագահը ինչ պաղպաղակ կ՛ուտէ, իսկ միւսը ո՛ր լսարանին կողմէ ծափահարուելու համար դաշնակ կը նուագէ… Ատոր պատճառներէն մէկը պիտի ըլլայ նաեւ այն որ անկախութենէն ի վեր, եւ թերեւս` անկէ առաջ, խորհրդային տարիներուն իսկ, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու մասին քաղաքական բանավէճը երբեք չհատեց 19-րդ դարէն ի վեր հայ-ռուսական յարաբերութիւններու քլիշէ պատումներու սահմանը` աւելի մասնագիտականօրէն անդրադառնալու համար անոր բարդ ենթախորքին: Իսկ այդ քլիշէներուն վերջինը` «հաւաքական Արեւմուտք» ընդդէմ Ռուսիոյ Կովկասի մէջ ներկայութեան, աւելի շատ շփոթ պատճառող պատումն է, որ եւ կարծես պայմանաւորած ու կաշկանդած է ռուս-հայկական յարաբերութիւններու Հայաստանի համար կենսական ու մնայուն բանավէճը: