Քանի Դեռ Արցախի Նախկին Պաշտօնեաները եւ Ռազմագերիները Բանտարկուած են, Հայաստանն ու Արցախը Ոչ Մէկ Յոյս Ունին. Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան

Հայաստան

Քանի դեռ Արցախի նախկին պաշտօնեաներն ու ռազմագերիները բանտարկուած են, Հայաստանն ու Արցախը ոչ մէկ յոյս ունին: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան

«Արցախի ապագան մեծապէս կախուած է այն բանէն, թէ ինչպէս մենք՝ իբրեւ ժողովուրդ, կը վերաբերինք հայկական երկրորդ պետութեան ղեկավարներու թշնամական բանտարկութեան մէջ գտնուելու հանգամանքին։

Ամբողջ աշխարհի հայութիւնը այսօր պէտք է մէկ բռունցք դառնայ եւ պայքարի Բակօ Սահակեանի, Արկադի Ղուկասեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Դաւիթ Իշխանեանի, Ռուբէն Վարդանեանի, Դաւիթ Մանուկեանի, Լեւոն Մնացականեանի եւ Դաւիթ Բաբայեանի շուտափոյթ ազատ արձակուելուն համար։ Ի հարկէ, նաեւ մեր միւս ռազմագերիներուն խնդիրները կարելի չէ անտեսել, բայց նշուածները առաջնահերթ են։

Եթէ մենք կ՝ուզենք յետագային Արցախի համար պայքարելու իրաւունք ստանալ, առաւել եւս կարգավիճակ պահանջել, ուրեմն այդ պայքարը պէտք է ոչ մէկ վայրկեան դադրի։

Անկախ բոլոր առարկայական եւ ոչ առարկայական հանգամանքներէն՝ այդ մարդիկ են մեր ազգային արժանապատուութեան այսօրուան չափորոշիչը։ Քանի դեռ անոնք բանտարկուած են, Հայաստանն ու Արցախը ոչ մէկ յոյս ունին։ Ասոր մասին պէտք չէ շատ ու երկար խօսիլ։ Բայց այս խնդրի լուծման մասին պէտք է անընդհատ մտածել ու աշխատիլ։

Դարձեալ կը կրկնեմ՝ ասկէ կախուած է Արցախի ապագան։ Ես կը հաւատամ, որ ան դեռ կրնայ լուսաւոր ըլլալ»։