Այս Փուլով Կարեւոր է Անվերապահ Բացառել Երեւանի Աւագանիին Մէջ ՔՊ-ի Հետ Որեւէ Միաւորման Ձեւաւորումը․ ՀՅԴ ԳՄ

Հայաստան

Յայտարարութիւն

Սեպտեմբեր 17-ին կայացած Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն առնչութեամբ, վերահաստատելով հրապարակայնօրէն արտայայտած մեր պաշտօնական տեսակէտները, կարեւոր կը համարենք արձանագրել.

1. Երեւանցին իր վճռական քուէով թոյլ չտուաւ ինչպէս երկրի, այնպէս ալ մայրաքաղաքի կառավարումը տապալած, մեր հայրենիքը օրհասական վիճակի հասցուցած ՔՊ-ական իշխանութեան վերարտադրումը մայրաքաղաքին մէջ` մերժելով թէ՛ ՔՊ-ն եւ թէ՛ անոր բացայայտ կամ քողարկուած կերպով աջակցող ուժերը,

2. Այս փուլով կարեւոր է հրապարակային եւ անվերապահ բացառել Երեւանի աւագանիին մէջ ՔՊ-ի հետ որեւէ միաւորման ձեւաւորումը կամ անոր աջակցիլը, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր քաղաքապետի ընտրութեան հարցով յետընտրական համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնելը,

3. Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ընտրութիւններուն մասնակցած բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք իրենց քուէով արձանագրեցին իշխող ուժի օրինականութեան ճգնաժամը:

Բարձր կը գնահատենք ընտրական յանձնաժողովներուն մէջ իրենց գործուն մասնակցութեամբ ընտրութիւններուն ընթացքը վերահսկած եւ քաղաքացիներուն քուէն պաշտպանած յանձնաժողովներու անդամներուն եւ դիտորդներուն դերը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին

Երեւան, 18 Սեպտեմբեր, 2023