2 Ոսկի, 2 Արծաթ, 4 Պրոնզ Մետալ՝ Խուլերու Ըմբշամարտի Աշխարհի Առաջնութենէն

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

«Խուլերու հայկական սպորտային կոմիտէ»-ի ներկայացուցիչները Սեպտեմբեր 2-12 Խըրխըզստանի մայրքաղաք Պիշքեգի մէջ մասնակցած են խուլերու ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան եւ նուաճած 2 ոսկի, 2 արծաթ, 4 պրոնզ մետալ:

Armsport.am-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ մեծահասակներու պայքարին յաղթողի կոչման արժանացած է յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Սենիկ Սերոբեանը: 55 քկ քաշային կարգի մէջ Սերոբեանը յաղթանակներ տարած է թուրք (13:5), ուքրանացի (14:4), ղազախ (8:0), պարսիկ (13։6) եւ պուլկարացի (9։0) մարզիկներու նկատմամբ։ Սենիկը երրորդ անգամ ըլլալով հռչակուած աշխարհի ախոյեան: Սենիկ Սերոբեանը նաեւ Սուրտլիմփիք խաղերու պրոնզէ մետալակիր է, Եւրոպայի հնգակի փոխ ախոյեան։ Մեծահասակներու կարգին մէջ արծաթէ մետալակիր դարձած է 87 քկ քաշային յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Նարեկ Նիկողոսեան: Երիտասարդներու պայքարին մէջ 97 քկ քաշային Մուրատ Գասպարեան արծաթէ մետալ նուաճած է ազատ եւ պրոնզէ մետալ՝ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մէջ, իսկ Գաբրիէլ Ամիրխանեան 72 քկ քաշայիններու պայքարին մէջ դարձած է պրոնզէ մետալակիր: Պատանիներու պայքարին ոսկի մետալին արժանացած ու պատուոյ հարթակի առաջին աստիճանին կանգնած է յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, 51 քկ քաշային Արման Ասատրեան։ Պատանի ըմբիշը հանդէս եկած է նաեւ ազատ ոճի մէջ ու նուաճած է պրոնզէ մետալ: 55 քկ քաշային յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Գէորգ Սողոյեան նոյն տարիքային խումբի մէջ դարձած է պրոնզէ մետալակիր: