
Ռուսական Մարդասիրական Օգնութիւնը Ասկերանի Ճամբով Հասաւ Արցախ
Սեպտեմբեր 12-ին ռուսական մարդասիրական օգնութիւնը Ասկերանի ճամբով
կրցաւ մուտք գործել Արցախ։
Ստեփանակերտի տեղեկութիւններով՝ Ռուսիոյ կառավարութիւնը հանդէս եկած է Արցախի Հանրապետութեան մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու նախաձեռնութեամբ՝ նկատի ունենալով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական ճգնաժամը։Կենսական նշանակութիւն ունեցող ապրանքներ պարունակող օգնութիւնը Արցախ ուղարկուած է ռուսական Կարմիր Խաչին միջոցով՝ այդ կազմակերպութեան բեռնատարներով: