
Այս Վճռորոշ Պահուն Կրկին Կը Պահանջուի Բոլորիս Պամախմբուածութիւնը․ Վազգէն Մանուկեան
Վազգէն Մանուկեանը բաց նամակով դիմած է ԱԺՄ-ի («Ազգային ժողովրդավարական միութիւն» կուսակցութիւն) նախկին եւ ներկայ անդամներուն ու համախոհներուն, ուր կ՝ըսուի.
«Մեզմէ ոմանք մինչեւ 1988 թուականը, իսկ բոլորս միասին՝ 1988 թուականէն սկսեալ պայքարած ենք յանուն ազատութեան եւ ազգային գաղափարներու։ Այդ պայքարի ընթացքին մենք զոհաբերած ենք մեզ, անցած բանտերով, ռազմաճակատներով, քաղաքական բուռն պայքարներով՝ իրականացնելու հետեւեալ 3 պարզ սկզբունքները․
1․ Կառուցել անկախ, ինքնիշխան, իր անվտանգային համակարգով պաշտպանուած պետութիւն, որ կը պատկանի ժողովուրդին, եւ իբրեւ հիմք կ՝ունենայ ժամանակակից, ժողովրդավարական կառավարում՝ ապահովելով ու երաշխաւորելով ժողովուրդի բարեկեցութեան, պաշտպանուածութեան ու երջանկութեան բնական իրաւունքները։
2․ Ստեղծել բոլորը միաւորող ներքին մթնոլորտ՝ հիմնուած մեր ազգային արժէքներուն, մեր հարուստ պատմութեան ու հպարտութեան վրայ։ Կրթական համակարգ, որ մեր երիտասարդներուն պէտք է տայ ժամանակակից գիտելիքներ՝ կերտելով ազատ մարդ եւ անոր հետ մէկտեղ ապահովելով ազգային դաստիարակութիւնը։
3․ Պաշտպանել մեր հայրենակից արցախցիներուն անկախութեան ձգտման պահանջը՝ ոչ միայն մեկնելով մարդասիրական եւ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքներէն, այլ գիտակցելով, որ Արցախը պատմական հայկական տարածք է՝ հազարամեակներու ընթացքին բնակեցուած բնիկ հայ բնակչութեամբ։
Մենք խորապէս կը գիտակցէինք, որ այս 3 սկզբունքները շաղկապուած են իրարու հետ, եւ առանց մէկը միւսի չեն կրնար իրագործուիլ։
Այն, ինչ այժմ տեղի կ՝ունենայ Հայաստանի մէջ, կու գայ ապացուցելու այդ պարզ ճշմարտութիւնը։ Հայաստանի մէջ իշխանութեան անթաքոյց ջանքերով միաժամանակ կը քանդուին այս 3 սկզբունքները։ Եւ այժմ դրուած է ոչ միայն Արցախի հարցը, այլեւ մեր պետութիւնն ու ողջ հայութիւնը կանգնած է ոչնչացման վտանգին առջեւ։
Այս վճռորոշ պահուն կրկին կը պահանջուի բոլորիս համախմբուածութիւնը այդ սկզբունքները առաջ տանելու եւ պաշտպանելու համար։
Կոչ կ՝ընեմ իմ գաղափարակից գործընկերներուն ու համախոհներուն աշխոյժ կերպով մասնակցելու Սեպտեմբեր 2-ի հանրահաւաքին՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի։
Մեր սկզբունքները իրագործելու համար անհրաժեշտ է համաժողովրդական միասնութիւն եւ պայքար: Եւ այդ համախմբումը կրնայ որոշիչ ըլլալ մեր պայքարի ճանապարհին: