Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Շնորհաւորած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նորընտիր Նախագահը
ԱՀ ԱԺ նորընտիր նախագահ Դաւիթ Իշխանեանին իր հայրապետական օրհնութիւնը ուղարկած է Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա․-ը: Շնորհաւորական ուղերձին մէջ կը նշուի.
«Մեծայարգ
Տիար Դաւիթ Իշխանեան
Խորհրդարանի Նախագահ
Արցախի Հանրապետութեան
Ստեփանակերտ
Սիրելի´ Պրն. Իշխանեան,
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ̉ողջունենք Ձեզ, եւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեր ընտրութիւնը, որպէս Խորհդարանի Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան:
Արցախի դիմագրաւած ներկայ վճռական հանգրուանին, Ձեր ստանձնած առաքելութիւնը Ձեզ կը դնէ լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց: Ձեր առջեւ կը բացուին պատասխանատուութեան նոր, այլ դժուարին հորիզոններ: Մօտէն ճանչցած ըլլալով Ձեզ, վստահ ենք, որ յանձնառութեան ամուր ոգիով ու խոհեմութեամբ պիտի դիմագրաւէք Արցախի անկախութեան սպառնացող բոլոր վտանգները:
Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, եւ անձնապէս, կը վստահեցնենք Ձեզ, որ մեր Սուրբ Աթոռը պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Արցախի պետութեան ամրացման ու անոր քաջարի ժողովուրդին, ի խնդիր Արցախի անվտանգութեան ու անկախութեան:
Կ̉աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Ձեզի շնորհէ առողջութիւն եւ իմաստութիւն, որպէսզի կարենաք քաջաբար հետապնդել Արցախի իրաւունքները ու լուծել անոր առջեւ ծառացող տագնապները: Թող Աստուած պահէ ու պահպանէ մեր սիրելի ժողովուրդին զաւակները՝ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի»:
