թուրքիան Հայաստանեան Երգի-Պարի Խումբին Չէ Արտօնած Տերսիմի Մշակութային Փառատօնին Մասնակցիլ

Աշխարհ, Էրկիր, Հայաստան

թուրքիոյ տեղական իշխանութիւնները «յարմար չեն գտած», որ հայաստանեան «Վերադարձ» երգի եւ պարի խումբը մասնակցի Տերսիմի ամէնամեայ Մնձուրի բնութեան եւ մշակոյթի 21-րդ փառատօնին։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները։

Այս տարուան Օգոստոս 3-6 իրականացուելիք փառատօնին կը նախատեսուէր նաեւ Հայաստանէն «Վերադարձ» խումբին մասնակցութիւնը։ Սակայն Տերսիմի քաղաքապետարանը հասարակական լրատուամիջոցներու մէջ հրապարակած է Մնձուրի փառատօնը կազմակերպող յանձնաժողովին որոշումը, համաձայն որուն՝ յարմար չէ համարուած «Եորում», «Իսեան Աթեշի» եւ «Վերադարձ» երաժշտական խումբերուն մասնակցութիւնը։

Տերսիմի քաղաքապետարանը նաեւ հաղորդած է, որ հակառակ այդ որոշման՝ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ նոյն ոգեւորութեամբ, եւ որ թէեւ վերոնշեալ 3 խումբերը պիտի չի մասնակցին, սակայն փառատօնի ծրագիրով այլ փոփոխութիւններ կամ չեղարկումներ չեն նախատեսուիր։

Յիշեցնենք, որ առաջին դէպքը չէ, որ Հայաստանէն հայկական խումբեր կը մասնակցին Տերսիմի մէջ 20 տարիէն աւելի գրեթէ ամէն տարի կազմակերպուող Մնձուրի բնութեան ու մշակոյթի փառատօնին։ Մինչ այդ, սոյն փառատօնին առանց որեւէ խոչընդոտի մասնակցած են շարք մը հայկական խումբեր, ինչպէս օրինակ՝ «Ակունք»ը, «Կարին»ը, «Մարաթուկ»ը եւ այլն։

https://www.tigrishaber.com/munzur-festivalinde-uc-grup-festivale-uygun-gorulmedi-89334h.htm

թրգերէնէ թարգմանեց Մելինէ Անումեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆը