Միացեալ Թագաւորութիւնը, Իռլանտայի Թեմը եւ Պելճիքայի Հայերու Կոմիտէն Յայտարարութիւններ Ներկայացուցած են
Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իռլանտայի թեմը, հայ համայնքի խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Պելճիքայի հայերու կոմիտէն ներկայացուցած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին զօրակցող, ինչպէս նաեւ փաշինեանի՝ Մայիս 22-ի յայտարարութիւնը դատապարտող յայտարարութիւններով.
ւ
Աջակցութիւն Լեռային Ղարաբաղի հայերուն
Պելճիքայի հայերու կոմիտէն մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի զարգացման։ Այս շրջանի տեղաբնիկ հայ բնակչութիւնը, որ խիզախօրէն պայքարած է խաղաղութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավար ապրելու համար, 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն յայտնուած է շրջափակման մէջ։ Այս խայտառակ իրավիճակը դատապարտուած է մասնաւորապէս Արդարադատութեան միջազգային դատարանի, Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի, ինչպէս նաեւ Եւրոխորհրդարանի կողմէ։ Այս պայմաններուն մէջ միջազգային հանրութեան պարտականութիւնն է բոլոր անհրաժեշտ միջոցները գործադրել՝ վերացնելու շրջափակումը եւ ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն խաղաղ ու անվտանգ ապրելու իրաւունքը։
Ցաւով կը նշենք՝ ոչ միայն յստակ ջանք չի գործադրուիր այս ուղղութեամբ, այլ՝ ընդհակառակը, այս քննարկումներուն ներգրաւուած միջազգային խաղացողները, կարծես թէ, կը բանակցին տարածաշրջանի հազուագիւտ ժողովրդավարութիւններէն մէկուն կազմաքանդման պայմաններուն շուրջ՝ զայն ամենավատ բռնապետութիւններէն մէկուն լուծին տակ անցնելու համար։ Ի վերջոյ, կասկած չկայ, որ ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի բռնակցումը պիտի հանգեցնէ անոր բնակիչներու ցեղական զտումներուն եւ հայկական քաղաքակրթութեան բնօրրան պատմական մշակութային ժառանգութեան անհետացման։ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը՝ Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք, մեզի ցոյց տուած է ատոր բազմաթիւ օրինակները։ Կեղծ կարճաժամկէտ առեւտրային շահերու քողին տակ նոյնքան բացայայտ եւ անփութօրէն խրախուսելով ամենաթողութիւնն ու բռնութիւնը՝ մենք հող կը պատրաստենք տարատեսակ սանձարձակութիւններու համար։
Ուստի կոչ կ՝ընենք Պելճիքային, անոր գործընկերներուն եւ ընթացող քննարկումներուն մէջ ներգրաւուած միջազգային խաղացողներուն՝ չտրուելու բռնապետութիւններու շանթաժին եւ սակարկութեան, այլ վերանայելու իրենց ներկայ դիրքորոշումը ու լիովին ձեռնամուխ ըլլալու Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան՝ իրենց հայրենիքին մէջ խաղաղ, անվտանգ եւ ազատ ապրելու իրաւունքի գործին։ Հայաստանի վարչապետի՝ ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին յայտարարութիւնները, ամենայն հաւանականութեամբ, չեն ազատեր բանակցութիւններու գործընթացին մէջ անմիջականօրէն ներգրաւուած միջազգային հանրութիւնն ու Եւրոպան այն մօտալուտ ողբերգութենէն, որուն բախած են Լեռնայինն Ղարաբաղի հայերը։
Ռոպերթ Ունուսեան
Պելճիքայի հայերու Կոմիտէի նախագահ
Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ
նիկոլ փաշինեանին
Վերջին շրջանին Հայաստան-ազրպէյճան իրերայաջորդ քաղաքական հանդիպումներու լոյսին տակ կատարուող զարգացումները միայն զայրոյթ եւ կտրուկ մերժում կը յառաջացնեն իւրաքանչիւր հայ անհատի մօտ, որ խորապէս մտահոգուած է Արցախի Հանրապետութեան շուրջ քննարկումներով։
Երկուշաբթի՝ մայիս 22-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ Ձեր արտայայտութիւնը, թէ՝ Հայաստան կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը 86.600 քառակուսի կիլոմեթրի սահմանումով, կը բացայայտէ Արցախի ժողովուրդի կամքի եւ իրաւունքի լրիւ անտեսումի Ձեր մտադրութիւնը։ Արցախի ժողովուրդը իր կամքը արտայայտած է 1991-ի դեկտեմբեր 10-ի հանրաքուէով, եւ համաժողովրդային կեցուածքով՝ համաձայն ՄԱԿ-ի որդէգրած ազգային ինքնորոշման սկզբունքներուն, եւ որեւէ իշխանութիւն իրաւասու չէ զայն վտանգի տակ առնելու կամ բեկանելու։ Որեւէ կոշտ ու անիրաւ ձեւակերպում, որ նկատի չ’առներ Արցախի հերոսական ժողովուրդի կամքն ու ինքնորոշման իրաւունքը, միաժամանակ կը խախտէ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Հռչակագրի եւ երկրի Սահմանադրութիւնը։
Այս նամակով կը փոխանցենք մեր համայնքի հաւաքական վրդովմունքը Արցախի հարցի շուրջ Ձեր վտանգաւոր կեցուածքի եւ դանդաղ ցեղասպանութեան դուռ բացող դիրքորոշման համար
Ցեղասպանութենէն ետք Սփիւռքի մէջ ապրող սերունդներու հայկական ինքնութեան պահպանումն ու ապագան, ամբողջականօրէն կապուած են Հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան հոլովոյթով, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ապրող մեր ժողովուրդի ազատութեան ու ապահովութեան իրաւունքներու պաշտպանութեամբ։ Այս պատճառներով է, որ Սփիւռքի հայութիւնը եւ այդ շարքին Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ապրող հայութիւնը որեւէ պարագային երբէք չի կրնար հանդուրժել հայութեան իրաւունքներու ոտնահարումն ու շրջանցումը։
Արդեն բոլորիս պարզ է որ բռնապետ Ալիևը խաղաղութեան որեւէ մտայնութիւն չունի։ Ան սպառնացեր է ուժի միջոցով վերցնել տարածքներ վերջնագիր ներկայացնելով Արցախի իշխանություններուն, նշելով որ Արցախի խորհրդարանը պետք է լուծարուի, ինչպես նաեւ պետք է հրաժարական ներկայացնեն նախարարներն ու նախագահը, դիմում ներկայացնելով Ատրպէյճանի անցագրի ձեռքբերմանը: Միայն այս քայլերէն ետք Ալիևը պիտի դիտարկէ Արցախի իշխանություններու համար համաներման հարցը քննարկելու հնարավորութիւնը:
Որեւէ զիճում Հայաստանի կողմէ փաստօրէն հետեւանք կունենայ յաւելեալ պահանջներու եւ սպառնալիքներու։
Կը յորդորենք Ձեզ՝ հրաժարուիլ պարտուողական մտայնութիւնէն եւ անորմէ բխող կործանարար քայլերէն, համազգային մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար գտնել խելամիտ ու արժանապատիւ լուծումներ։
Պարտք կ’զգանք նշելու՝, որպէս Միացեալ Թագաւորութեան հայ Համայնք՝, հաստատակամ կը մնանք Արցախի հերոսական ժողովուրդի կողքին՝ իր հայրենիքին մէջ ապրելու ու խաղաղ արարելու իրաւունքն ու կամքը պաշտպանելով։ Այս իրաւունքները անտեսելու կամ մերժելու միտուած որեւէ նկրտում կտրուկ մերժելի է։
Հայրենիքի սիրով եւ զօրացմանը աջակցելու պատրաստակամութեամբ՝
Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իռլանդայի թեմ
Միացեալ Թագաւորութեան Հայ Համայնքային խորհուրդ