Արցախի Փոքրիկները Շրջափակուած Հայրենիքէն Ուղերձ Յղած Են Ամբողջ Աշխարհին (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Հայաստան

Յունիս 9-ին, Ստեփանակերտի «Մենք ենք մեր սարերը» յուշակոթողի տարածքին վրայ, «Արարիչ» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ Արցախի փոքրիկներուն համար կազմակերպուած է մշակութաժամանցային օր, որ կը կրէր «Փոքրիկ արարողը» խորագիրը։ Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Ձեռնարկին օրհնանքի խօսք ըսած է Տէր Ներսէս քահանայ Ասրեան։

Լրատուամիջոցին տեղեկութիւններով՝ «Արարիչ» բարեգործական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Յունան Թադեւոսեան ըսած է, որ ծրագիրին նպատակը շրջափակուած Արցախի փոքրիկներուն խինդ ու ժպիտ պարգեւելն է՝ պահ մը շեղելով երկրի շուրջ ծաւալուող իրադարձութիւններէն:

Нет описания.
Нет описания.

«Ձեռնարկը պէտք է իրականացնէինք Յունիս 1-ին, սակայն անբարենպաստ եղանակին պատճառով անիկա կայացաւ այսօր։ Ասիկա մեր փոքրիկներուն բերանով Արցախի ձայնը աշխարհին լսելի դարձնելու տարբերակ մըն է, կոչ միջազգային հանրութեան, որպէսզի ապաշրջափակեն կեանքի ճանապարհը, որ աշխարհի վրայ այլեւս պատերազմներ չըլլան, օր մը դադրեցուի զէնքի արտադրութիւնը, եւ բոլորը ապրին համերաշխ։ Արցախցի փոքրիկներու ծնողները իրենց փոքրիկներուն օրը այս գորշ իրականութենէն քիչ մը տարբեր դարձնելու համար ջանք չեն խնայեր: Այսօր այդ բեռը իր վրայ վերցուցած է «Արարիչ»-ը եւ հետաքրքրական նուէրներով, տօնական ծրագիրով փորձած երեխաներուն տօն պարգեւել»,- մանրամասնած է Յ. Թադեւոսեան։

Нет описания.

Ան ընդգծած է, որ Յունիս 1-ին «Արարիչ» բարեգործական հիմնադրամը դիմած է միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն, ներառեալ՝ UNESCO-ի բարի կամքի բոլոր դեսպաններուն, եւ կը սպասէ անոնց արձագանգին։

Нет описания.
Нет описания.

Нет описания.

Нет описания.

Нет описания.

Արցախի փոքրիկները իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան օրուան ծիրէն ներս՝ շրջափակուած հայրենիքէն ուղերձ պատրաստած էին` ուղղուած ամբողջ աշխարհին, աւելի հասցէական՝ Միաւորուած ազգերու միջազգային մանկական ճգնաժամային հիմնադրամին՝ UNESCO-ին: Կոչը մէկն էր՝ «Ապաշրջափակել կեանքի ճանապարհը, ապահովել արցախցիներուն անվտանգութիւնը, սեփական հայրենիքին մէջ ազատ ապրելու իրաւունքը»:

Տարբեր տաղաւարներու մէջ ներկայացուած են Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի շնորհաշատ սաներուն աշխատանքները։ Ներկաները շրջած են տաղաւարներուն մէջ եւ ծանօթացած ցուցադրուած նմուշներուն։ Փոքրիկներուն ուրախ ժամանցը ապահովելու համար ներգրաւուած են նաեւ տարբեր խամաճիկներ։ Կազմակերպուած է հիւրասիրութիւն, իսկ ծրագրի աւարտին փոքրիկներուն տրուած են նուէրներ։

Нет описания.

Нет описания.