Մեծ Հայքի Քարտէզը Թրքական ԶԼՄ-ներու Ուշադրութիւնը Գրաւած է

Աշխարհ, Հայաստան

Թրքական զանգուածային լրատուամիջոցները քանի մը օր է կը գրեն Երեւանի մեթրոյի՝ «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանին փակցուած Մեծ Հայքի քարտէզի թարմացման եւ արդէն իսկ led պաստառով ցուցադրման մասին։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Ըստ աղբիւրին՝ հրապարակումներուն հիմքը այդ մասին Պեռլինի մէջ ազրպէյճանի դեսպան Նասիմի Աղաեւի Twitter-ի մէջ կատարած գրառումն է, ուր կը նշուի, թէ քարտէզին մէջ, իբր թէ, կ՝արտայայտուին «Հայաստանի բոլոր տարածքային պահանջները` ուղղուած իր հարեւաններուն»։

Թրքական տարբեր ԶԼՄ-ներու հրապարակումներուն մէջ պատմական Մեծ Հայքի քարտէզը բնորոշուած է իբրեւ «աղմկայարոյց» եւ «սադրիչ»։