Այս Յաղթանակը Նոր Սկիզբ է, Որպէսզի Կրկին Մասնակցիմ ԱԱ-ին եւ ԵԱ-ին․ Մաքսիմ Մանուկեան

Այլեւայլ, Հայաստան

Ես ըմբշամարտէն  չէի հեռացած, պարզապէս մրցաշարերէն դադար առած էի։ Այս յաղթանակը նոր սկիզբ պիտի ըլլայ։ Գլխաւոր նպատակս Ողիմպիական խաղերու ախոյեան դառնալն է։

Այս մասին՝ ըստ sport.news.am-ի՝ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, ըսած է աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, Երեւանի մէջ իրականացուած Բենուր Փաշայեանի յուշամրցաշարի ոսկիէ մետալակիր Մաքսիմ Մանուկեան։