«Երեխայի Ծնունդը Ընտանիքին Մէջ Օրհնութիւն է, Այս Պարագային՝ Եռակի Օրհնութիւն»․ Արցախի Թեմը Շնորհաւորած է Ստեփանակերտի Մէջ Եռեակ Տղաներ Ծնած Մայրիկը

Այլեւայլ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան հոգեւոր պատասխանատու արժանապատիւ Տէր Անդրէաս քահանայ Թաւադեանը այսօր այցելած է Ստեփանակերտի «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն»` իր շնորհաւորանքն ու օրհնութիւնը տալու օրեր առաջ եռեակ տղաներ ծնած մայրիկին։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀԱՍԵ Արցախի թեմէն։

Տէր Հայրը ընդգծած է, որ երեխայի ծնունդը ընտանիքին մէջ օրհնութիւն է, իսկ այս պարագային` եռակի օրհնութիւն: Տէր Անդրէասը Նոր Կտակարան նուիրած է երեխաներուն մօրը՝ մաղթելով առողջութիւն ու խաղաղ կեանք նորածին տղաներուն: