Ոտնլուայի Կարգը Անթիլիասի Մայրավանքէն Ներս (լուսանկարներ)

Սփիւռք

Աւագ Հինգշաբթի օր հայ եկեղեցին առաւօտուն մատուցած Ս. եւ Անմահ Պատարագով կը յիշատակէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքը. երեկոյեան կը կատարէ Ոտնլուայի Կարգը, իսկ գիշերը կը յիշատակէ Տիրոջ մատնութիւնը, դատապարտութիւնը եւ չարչարանքները։

6 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը հանդիսապետեց Ոտնլուայի Կարգին՝ հետեւելով մեր Փրկիչին օրինակին։ Ղենջակը մէջքին ծունկի գալով՝ Նորին Ս. Օծութիւնը Քրիստոսի 12 առաքեալները խորհրդանշող լուաց միաբան հայրերու եւ Դպրեվանքի սաներուն ոտքերը՝ իբրեւ Քրիստոսի խոնարհութեան եւ ծառայական սիրոյ արտայայտութիւն։

Ի դէպ, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Հայրապետական պատգամին մէջ անդրադարձաւ սիրոյ ծառայութեան։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց քրիստոնէութեան հասկացողութեան մէջ սիրոյ առանցքային կարեւորութիւնը, որ ո՛չ թէ սովորական ու պարագայական երեւոյթ է, այլ՝ ուղղակի Աստուծոյ էութիւնը։ Ան ըսաւ, որ Իր սէրէն մղուած Աստուած տիեզերքը ստեղծեց, եւ թէեւ մարդը մեղանչեց ու հեռացաւ Աստուծմէ, սակայն Ան Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկելով ու խաչելութեամբ ապացուցեց եւ ցոյց տուաւ Իր անսահման ու անհատնում սէրը մարդուն հանդէպ։ Հայրապետը նաեւ նշեց, որ հոն ուր սէր չկայ՝ չարիք կը տիրէ։ Այս աշխարհի բոլոր հարստութիւնները փուճ են առանց Աստուծային սիրոյ, ըսաւ ան եւ յորդորեց հաւատացեալները հետեւելու Քրիստոսի ճանապարհին՝ սիրելու մեր անձը եւ սիրելու զիրար։

Անդրադառնալով ոտնլուայի արարողութեան՝ Հայրապետը վերյիշեցուց, որ Կարգ Ոտնլուան ոչ թէ լոկ դէպքի մը յիշատակումն է, այլ Քրիստոսի սիրոյ պատգամը կենդանի պահելն է։ Այսօր մենք սիրոյ կարիքը ունինք, ամէն տեղ՝ Հայաստան, Արցախ եւ ամենուրէք. պէտք է մեր կեանքը ճշմարիտ սիրոյ կրակով թրծուի ու շաղախուի, որպէսզի սէրը տիրապետէ մեր կեանքին մէջ ու հեռանայ ամէն չարիք։ Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ այսօր Քրիստոս Ի՛նքը Իր եկեղեցւոյ ճամբով դարձեալ կը յիշեցնէ մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ սիրեցէք զիրար այնպէս ինչպէս Ինք սիրեց մեզ. «Հեռո՛ւ մնացէք ամէ՜ն տեսակ չարէ ու չարիք յառաջացնող խօսքերէ, կեցուածքներէ, գործելակերպերէ, կենցաղակերպերէ։ Սիրեցէ՛ք զիրար, որպէսզի Քրիստոս մեր կեանքին մէջ ապրի եւ մենք Քրիստոսի ներկայութեամբ հզօրանանք եւ մեր կեանքը պայծառակերպուի» յայտնեց Նորին Ս. Օծութիւնը։