Սփիւռքը Միշտ Եղած է Արցախի Թիկունքը․ Համազգայինի Արցախի Գրասենեակի Տնօրէնի Հետ Հանդիպում՝ Նիւ Եորքի Մէջ
Նիւ Եորքի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Համազգայինի Արեւելեան ԱՄՆ Շրջանային Վարչութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ Նիւ Եորքի մէջ կայացաւ հանդիպում Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն, հեղինակ Հերմինէ Աւագեանի հետ, որուն ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մեսրոպ քահանայ Լագիսեանը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան Արեւելեան ԱՄՆ ներկայացուցիչ Արեւիկ Գաբրիէլեանը, ՀՅԴ Արեւելեան ԱՄՆ ԿԿ ներկայացուցիչ Անի Չաղլասեանը, Համազգայինի եւ ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութիւններու անդամներ, հիւրեր։
Ձեռնարկին ընթացքին ներկաները առիթ ունեցան ծանօթանալու Համազգայինի Արցախի գրասենեակի գործունէութեան, «Համազգայինը Արցախի մանուկներու կողքին» նախաձեռնութեան, դիտելու նախաձեռնութեան մասին պատմող տեսանիւթ։ Անիկա ուղեկցուեցաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի նկարչութեան խումբի մանուկներու քսան գեղանկարչական աշխատանքներուն ցուցահանդէսով։
Այնուհետեւ կայացաւ Հերմինէ Աւագեանի «Օրացոյցից պոկուած օրեր» եւ «Վազում եմ, սպասիր» գիրքերուն շնորհանդէսը։ Հեղինակը իր ցանկութեամբ բերած էր նաեւ Արցախի գրողներու միութեան անդամ այլ հեղինակներու գիրքեր, որոնք եւս ներկայացուց ներկաներուն: Գիրքերը նաեւ նուիրուեցան ԱՄՆ Քոնկրեսի գրադարանին եւ այսուհետեւ մաս պիտի կազմեն երկրի կարեւորագոյն գրադարանի մնայուն հաւաքածուին։
Ձեռնարկը իր ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքով բացաւ Տէր Մեսրոպ քահանայ Լագիսեանը։ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արեւիկ Գաբրիէլեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Արցախի եւ ՀՀ գրասենեակներուն՝ աշխոյժ գերծունէութեան համար, ապա նշեց Կեդրոնական Վարչութեան բազմաթիւ ծրագրերը՝ ընդգծելով, որ ծրագրերու իրականացման համար անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր համայնքի մասնակցութիւնը։
Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Յասմիկ Աբրահամեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով եւ ներկայացուց օրուան գլխաւոր բանախօս Հերմինէ Աւագեանը։
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան ներկաները ծանօթացուց Համազգայինի Արցախի գրասենեակին կողմէ իրականացուող ծրագրերուն ու ձեռնարկներուն։
Այնուհետեւ ,ներկաները առիթ ունեցան հիւրասիրութեան շուրջ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ զրուցելու, ծանօթանալու Հ. Աւագեանի գրական ստեղծագործութիւններուն, խօսելու այսօր Արցախի մէջ ստեղծուող գրականութեան մասին, ինչպէս նաեւ դիտելու Համազգայինի նկարչութեան խումբի արցախցի փոքրիկ նկարիչներու աշխատանքներուն ցուցահանդէսը։
Անդրադառնալով մանուկներու աշխատանքներու ցուցահանդէսին՝ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէնը շեշտեց. «Սփիւռքը միշտ եւ միշտ եղած է Հայրենիքի, գլխաւորապէս Արցախի թիկունքը՝ իր ամբողջ ներուժը ծառայեցնելով Հայրենիքի բարօրութեան, կրթական եւ մշակութային կեանքի զարգացման, Արցախի միջազգային ճանաչման, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման։ Համազգայինի 95-ամեայ կառոյցը նոյնպես իր էական ներդրումը ունի այդ նուիրական աշխատանքներուն մէջ։ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Համազգայինը կեանքի կոչեց «Համազգայինը Արցախի մանուկներու կողքին» ծրագիրը, որուն իբրեւ արդիւնք աւելի քան 400 արցախցի երեխաներ այսօր այդ ծրագրի մասնակիցն են։ Մեր փոքրիկ նկարիչները, որոնք կը ստեղծագործեն թշնամիին կողմէ շրջափակուած Արցախի մէջ, ցանկութիւն ունին իրենց ձեռքով գծած նկարներու վաճառքին համեստ հասոյթը նուիրատուութիւն ընելու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, որպէսզի իրենք եւս իրենց ներդրումը ունենան Համազգայինի ծրագրերու շարունակականութեան։ Ասիկա կարեւոր գիտակցում է մեր մանուկներուն համար․անոնք գիտեն, թէ ինչ վիճակի մէջ են Սուրիոյ մէջ ապրող իրենց հասակակից հայ երեխաները, գիտեն, թէ Լիբանանի մէջ տիրող ծանր տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ ինչպէս կը պայքարին Համազգայինի ճեմարանն ու մանկապարտէզը հայ երեխային հայ կրթելու համար եւ առհասարակ այն դժուար ու պատասխանատու աշխատանքը, որ կ՝իրականացնէ Համազգայինի ազգանուէր կառոյցը։ Այս պայմաններուն մէջ մենք պիտի իրարու թիկունք ըլլանք, որպէսզի յարատեւենք»։
Ձեռնարկը անցաւ ընկերական ու անմիջական մթնոլորտի մէջ։
