Արցախէն Մենք Երբեք Չենք Հրաժարիր, Որքան Ալ Փորձեն Մեր Շուրջ Սեղմել Օղակը. Ռուբէն Վարդանեան
Ես մէկ բան գիտեմ՝ մեզմէ իւրաքանչիւրը այսօր միայն գործով, յամառ կամքով ու բացառիկ նուիրումով կրնայ ապացուցել, որ ունակ ենք շարունակելու անոնց դիմադրութիւնն ու պայքարը, որ Արցախէն մենք երբեք չենք հրաժարիր, որքան ալ փորձեն մեր շուրջ սեղմել օղակը: Այս մասին Facebook-ի իր էջին մէջ գրած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեան:
«Եօթը տարի առաջ այս օրերուն ազրպէյճանը հերթական անգամ յարձակման դիմեց ընդդէմ Արցախի: Քառօրեայ պատերազմի օրերուն բազմաթիւ նուիրեալներ իրենց կեանքը տուին՝ եւս մէկ անգամ ցոյց տալով, որ Արցախը հայրենիք է, յենման կէտ, որ Արցախը եղած է ու պէտք է մնայ հայկական: Ինչպիսի բառեր ալ փորձենք ընտրել մեր երախտիքն ու խոնարհումը արտայայտելու յանուն այս հողի իրենց կեանքը զոհաբերած մեր տղաներուն հանդէպ, անոնք բաւական չեն ըլլար: Անոնց զոհողութիւնը յանուն այն գաղափարի էր, որ մենք ու մեր երեխաները ապրինք այս հողին վրայ՝ անվտանգ ու ազատ:
Դժբախտաբար, մենք մեր պայքարը չենք գնահատեր, սխալներէն ու բացթողումներէն ոչ մէկ կարեւոր հետեւութիւն չենք ըներ: Կարեւոր քննարկումները կը դառնան միայն ներքաղաքական շահարկման առարկայ՝ արժեզրկելով պայքարը, դիմադրութիւնն ու անձնազոհութիւնը: Ապրիլեան պատերազմի օրերուն, անկէ առաջ ու յետոյ մեր անձնազոհ տղաները կեանք դրած են յանուն գաղափարի՝ սերունդներուն արժանապատիւ ու ազատ կեանք ապահովելու համար: Բաւարար կամք դրսեւորելով, խելացի գործելով, պայքարի նշանակութիւնը հասկնալով ու սխալներէն դասեր քաղելով միայն կրնանք աւելի ուժեղ դառնալ: Իսկ անտեղի գնահատականները միմիայն կը բարդացնեն իրավիճակը՝ մեզի ալ աւելի խոցելի դարձնելով:
Ես մէկ բան գիտեմ՝ մեզմէ իւրաքանչիւրը այսօր միայն գործով, յամառ կամքով ու բացառիկ նուիրումով կրնայ ապացուցել, որ ունակ ենք շարունակելու անոնց դիմադրութիւնն ու պայքարը, որ Արցախէն մենք երբեք չենք հրաժարիր, որքան ալ փորձեն մեր շուրջ սեղմել օղակը:
Փառք ու պատիւ իրենց կեանքը յանուն հայրենիքի նուիրաբերած մեր զինուորներուն, մենք յանուն անոնց ու մեր ապագայ սերունդներուն ուժեղ ու անվտանգ Արցախ պէտք է ստեղծենք»:
