Անթիլիասի Ուխտի Օր

Սփիւռք

Կիրակի, 26 Մարտ 2023-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Անթիլիասի Ուխտի Օրուան առիթով, Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ Անմահ Պատարագ։

Պիտի պատարագէ ու քարոզէ
ԳԵՐՇ. Տ. ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, մեր հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին Աջով, տեղի պիտի ունենայ աւանդական թափօր եւ պիտի կատարուի ջրօրհնէք։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Ս. Աջը պիտի տեղադրուի Ս. Խորանի բեմին վրայ եւ հոն պիտի մնայ մինչեւ իրիկուան ժամը 07։00։ Հաւատացեալներ հերթաբար մօտենալով պիտի կարողանան ստանալ Ս. Լուսաւորիչ Հայրապետի Աջին օրհնութիւնը եւ օրհնուած ջուր։

Նշենք, որ Շաբաթ, 25 Մարտ 2023-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին Մուտն ի Վիրապ յիշատակութեան առթիւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի Կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարին մէջ, իսկ երեկոյեան ժամը 07։00-ին, Անթիլիասի Ուխտի Օրուան առիթով պիտի կատարուի հսկումի արարողութիւն՝ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու ու Դպրեվանքի ուսանողներու։

ԾԱՆՕԹ։ Կիրակի օր ժամը 10:00-ին, փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան հետեւեալ վայրերէն.-

1) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, Պուրճ Համուտ
2) ՔԱՀԼի Ազգային Ծերանոց, Պուրճ Համուտ
3) Ս. Ագնէս Վարժարան, Պուրճ Համուտ
4) Bank of Beirut, Հաճըն
5) Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի, Հայաշէն
6) Ս. Երրորդութիւն մատուռ, Ֆանար

Դիւան Կաթողիկոսարանի