Ստեփանակերտի Մէջ Պիտի Կայանայ «100 Օր. Շրջափակուած Արցախ» Խորագիրով Ցոյց

Աշխարհ, Հայաստան

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Սոյն թուականի Մարտ 21-ին կը լրանայ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի յանցաւոր շրջափակման 100-րդ օրը։ Այդ առիթով՝ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը, համագործակցելով հասարակական կազմակերպութիւններու եւ Արցախի քաղաքական ուժերու երիտթեւերու հետ, Մարտ 21-ին, ժամը 18։00-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կը նախաձեռնէ «100 օր. շրջափակուած Արցախ» խորագիրով ցոյց։

Բոլորին կոչ կ՝ընենք մասնակցելու ցոյցին, որպէսզի մէկ անգամ եւս մեր ձայնը բարձրացնենք աշխարհի լռութեան, ազրպէյճանի անմարդկային քաղաքականութեան դէմ։

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութիւն