Գրիգորի Խաչատուրուվը 2 Ամիսով Կալանաւորուեցաւ

Հայաստան

ՀՀ Վերաքննիչ հակակաշառակերութեան դէմ դատարանը բաւարարած է բանակային 3-րդ բաժանմունքի նախկին հրամանատար Գրիգորի Խաչատուրուվի նկատմամբ կալանքը իբրեւ խափանման միջոց կիրառելու՝ դատախազութեան միջնորդութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն Դատախազութենէն: 

Նշենք, որ ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը յատուկ վերանայման բողոք ներկայացուցած էր ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարան՝ Գրիգորի Խաչատուրովի նկատմամբ խափանման միջոց կալանքի միջնորդութիւնը մերժելու որոշման դէմ:

Յիշեցնենք, որ Խաչատուրովի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց կալանք կիրառելու միջնորդութիւնը Հակակաշառակերութեան դատարանը՝ դատաւոր Տիգրան Դաւթեանի գլխաւորութեամբ, մերժուած էր:

Ըստ իրաւապահներուն՝ փողերու լուացման մէջ մեղադրուող Խաչատուրովը, 2006-2010 թուականներուն ունենալով զօրամասի հրամանատարի պաշտօնը, յանցաւոր ճանապարհով ապահոված է անշարժ գոյք, ապա օրինականացուցած զայն։ Խօսքը Արարատի մարզի Արմաշ գիւղին մէջ տեղակայուած զօրամասի տարածքին մասին է: Զօրավարին մեղադրանքը կ՝առնչուի Պաշտպանութեան նախկին նախարար, Հայաստան խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանի գործին: Ըստ քրէական գործին՝ պաշտպանութեան նախարար եղած ժամանակ Սէյրան Օհանեանը Արարատի մարզին մէջ գտնուող նշուած երկու զօրամասերուն տարածքները, որոնք հանդիսացած են պաշտպանութեան նախարարութեան սեփականութիւնը, օտարած եւ անհամեմատ աժան գինով վաճառած է։ Ազգային ժողովին մէջ գլխաւոր դատախազը յայտարարած էր, որ Գրիգորի Խաչատուրովը հանդիսանալով այլ զօրամասի մը հրամանատար, անոնցմէ մէկը գրաւադրած է դրամատան մէջ եւ գումար ստացած։