Երկրաշարժէն Տուժած Մալաթիոյ Հայերը Ստիպուած Կ՝արտագաղթեն

Աշխարհ, Էրկիր

Մալաթիոյ՝ յատկապէս հայ եւ ասորի բնակչութիւն ունեցող Չաւուշօղլու եւ Սալքիոփրիւ թաղամասերուն մէջ երկրաշարժը գործած է մեծ աւեր։ Յիշեալ երկու թաղամասերու հին տուներուն 90 տոկոսը քանդուած է կամ վնասուած։ Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժերէն առաջ՝ հայ եւ ասորի համայնքներէն այս թաղամասերուն մէջ կ՝ապրէր շուրջ 60 հոգի։ Անոնցմէ 4-ը երկրաշարժին զոհ գացած է, իսկ ողջ մնացածներն ալ ստիպուած լքած են քաղաքը։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, գրած է թրքական «Տուվար» պարբերականը։

Աղբիւրին համաձայն՝ Սալքիոփրիւ թաղամասի բնակիչները թրքական պարբերականի թղթակիցին պատմած են, որ աւերակներուն մէջէն սեփական ուժերով եւ հնարաւորութիւններով դուրս հանած են երկրաշարժէն տուժածները։ Այսպէս, օրինակ, Թապաշ ընտանիքի հարեւանները, հայ ընտանիք, որուն ոչ մէկ անդամը փրկուած էր երկրաշարժէն, նշած են՝ եթէ թրքական պետութիւնը ժամանակին ուղարկէր փրկարարներ կամ գոնէ արտօնէր, որ իրենք մօտենային աւերակներուն, հաւանաբար հնարաւոր ըլլար փրկել անոնց մահէ։ Հարեւանները նաեւ նշած են․ «Մենք շուրջ 20 տարի է, որ այստեղ կ՝ապրինք։ Մեր տունը Թապաշ ընտանիքի ուղիղ դիմացը կը գտնուէր։ Անոնք շատ լաւ հարեւաններ էին»։

Տինքի ծնած փողոցին վիճակը այսօր։

Հրանդ Տինքի ծնած փողոցին՝ Պոնճուքի մէջ, եւս մեծ թիւով տուներ աւերուած են։

Մալաթիոյ ասորի բնակիչներէն Եուսուֆ Պայիղիթն ալ յիշեցնելով, որ նախապէս այստեղի հայ եւ ասորի բնակիչներուն մեծ մասը արտագաղթած էր, եւ ներկայիս հազիւ 50-60 հոգի կար այդ երկու համայնքներուն մէջ, ընդգծած է, որ այդ սահմանափակ թիւով բնակիչներն ալ այս անգամ ստիպուած են քաղաքը լքելու բնական աղէտին հետեւանքով։

Եուսուֆ Պայիղիթ

Պայիղիթը նշած է, որ երկրաշարժէն ետք Մալաթիոյ հայ եւ ասորի բնակիչները իրենց ընտանիքներուն անդամները ուղարկած են այլ վայրեր։ Անոնք մասնաւորապէս օթեւանած են Մալաթիայէն դուրս ապրող ազգականներու տուները։

Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցին եւս տուժած է երկրաշարժէն։

Մալաթիոյ ասորի բնակիչը նաեւ ըսած է, որ այս բնական աղէտը ազդած է անխտիր բոլոր բնակիչներուն վրայ՝ ըլլան թուրք, թէ՝ այլ ազգ։ Ան աւելցուցած է, թէ կը փափաքէր, որ իրենք համատեղ ուժերով վերակառուցէին աւերակ դարձած Մալաթիան․․․

Յիշեցնենք, որ նախքան Հայոց Ցեղասպանութիւնը Մալաթիոյ հիմնական բնակչութիւնը բաղկացած եղած է հայերէ։

թրքական հրապարակման եւ լուսանկարներու հեղինակ՝՝ Ֆըրաթ Պուլութ

https://www.gazeteduvar.com.tr/savas-darbe-simdi-de-deprem-ermeni-ve-suryaniler-yine-goc-ediyor-haber-1606603

Թարգմանեց՝ Մելինէ Անումեանը

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

Akunq.net