Հայ-թրքական Սահանին Վրայ ՀՀ Եռագոյնը Տեղադրուեցաւ (լուսանկարներ)

Էրկիր, Հայաստան

Հայ-թրքական սահմանին վրայ՝ Շիրակի մարզի Անիպեմզա գիւղին մէջ, տեղադրուեցաւ հայոց եռագոյնը։ Այս մասին կը հաղորդէ «ՀԵՏՔ»-ը։

Մինչեւ վեր բարձրացուիլը, դրօշակը օրհնուեցաւ Շիրակի թեմի ներկայացուցիչներուն կողմէ՝ Երերոյքի տաճարին մէջ։ Նախաձեռնութեան հեղինակները նորաստեղծ «Վասն Հայրենեաց» ազգային համախմբան շարժման անդամներն են։ Կը նախատեսուի 9 մարզի սահմանամերձ համայնքներու մէջ, տեսանելի բարձունքներու վրայ, տեղադրել ՀՀ դրօշակը։

Այս գործողութեան նպատակը, ըստ «Վասն Հայրենեաց» շարժման, ՀՀ անձեռնմխելի սահմանները պետական դրօշով խորհրդանշօրէն ուրուագծելն է, հայորդիներու մօտ եռագոյնի հանդէպ յարգանքը ամրապնդելը, հրապարակային ձեռնարկներու միջոցով սահմանամերձ գիւղերուն հանդէպ ուշադրութիւն գրաւելը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչները ազգօգուտ նպատակներու շուրջ համախմբելը։

Անիպեմզայի մէջ ՀՀ դրօշակը տեղադրուեցաւ Արժանթինէն Սուսաննա եւ Սերխիօ Նահապետեաններու հովանաւորութեամբ։ Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Շուշան Պետրոսեանը։