«Ղարաբաղի Նուռերը» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ Մէջ
Արցախի համար դժուար այս օրերուն, երբ տակաւին մեր արծուաբոյնը կը շարունակէ անջատուած մնալ մայր Հայաստանէն, Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը անհրաժեշտութիւնը զգաց հայ հասարակութիւնը տեղեկացնելմւ՝ ցոյց տալով Թոմաս Սիտերիսի «Ղարաբաղի նուռերը» ժապաւէնը: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԶԱՏ ՕՐ»-ը։
Երկուշաբթի 13 Փետրուարին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի սրահէն ներս ու Չորեքշաբթի, 15 Փետրուարին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի զոյգ սրահներուն մէջ, հայ եւ յոյն հանդիսատեսները մեծ յուզումով դիտեցին Արցախի բնակչութեան վկայութիւնները, պատերազմի հետեւանքներն ու մեր հողերուն յանցնումը:
Ժապաւէնին համար խօսեցաւ բեմդրիչ Թ. Սիտերիս, ներկայացնելով դժուարութիւններն ու հանգամանքները սոյն ժապաւէնի պատրաստութեան համար:
Համազգայինի կողմէ խօսք առաւ ընկերուհի Վերժին Կարապետեան, ներկաներուն ծանօթացնելով Արցախի այժմէական կացութիւնը եւ տեղեկութիւններ տալով ժապաւէնի ու Թոմաս Սիտերիսի կենսագրութեան մասին:
