Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Երկրաշարժին Հետեւանքով Զոհուած է Մէկ Հայ, Աւերուած Են Եկեղեցիներ

Աշխարհ, Էրկիր

Այժմեան Թուրքիոյ Քահրամանմարաշ նահանգին մէջ 7.4 աստիճան հզօրութեամբ երկրաշարժին հետեւանքով՝ նախնական տուեալներով՝ զոհուած է մէկ հայ, կան նաեւ նիւթական կորուստներ։ Աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով Թուրքիոյ հայաբնակ հատուածներուն մէջ զոհերուն եւ կորուստներուն վերաբերեալ, ըս Armenpress.am-ի, տուեալներ փոխանցած է Պոլսոյ հայկական «Ժամանակ» օրաթերթը։

Մալաթիոյ մէջ հայ ընտանիքի պատկանող բնակարանի փլուզման հետեւանքով զոհուած է մէկ մարդ։

Խարբերդի մէջ կան աւերուած շէնքեր, հայ համայնքի անդամները անհանգստացած են, սակայն մարդկային կորուստներ չկան։

Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ խորհուրդի ղեկավար Օհաննէս Գաֆուր Թուրքայը յայտնած է, որ ցնցումներուն հետեւանքով եկեղեցին վնասուած չէ, սակայն քաղաքին մէջ կան աւերուած շէնքեր։

Ալեքսանդրիոյ մէջ Տէր Աւետիս քահանայի յայտնած տեղեկութեան համաձայն՝  քաղաքի կեդրոնը կան աւերածութիւններ։ Լատին կաթոլիկ եղեկեցին հիմնայատակ աւերուած է։ Սրբոց Քառասուն Մանուկ եկեղեցին եւս վնասուած է։ Մարդկային կորուստի մասին տեղեկութիւններ չկան։

Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղէն՝ Վաքըֆէն մտահոգող լուրեր այս պահին չկան։

Իսկ Կեսարիոյ մէջ, թէեւ ցնցումները զգացուած են, սակայն տեղի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին վնասուած չէ։